ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, երէկ՝ Յուլիս 8ին, կառավարութեան տան մէջ հանդիպած է զբօսաշրջութեան շարք մը գործակալութիւններու ներկայացուցիչներու հետ եւ քննարկած զբօսաշրջութեան վերաբերող խնդիրներ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը նշած են Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղուած շարք մը խնդիրներ, ինչպէս՝ ներքին զբօսաշրջութեան աշխարհագրութեան ընդլայնումը, ենթակառուցուածքներու բարելաւումը, ընկերային համապատասխան երաշխիքներու ապահովումը։
Մասնակիցներու քննարկման ներկայացուած է «ցածրապիւտճէ հանգիստ եւ շրջապտոյտներ Արցախում» ծրարը, ըստ որուն կը նախատեսուի զարգացնել զբօսաշրջիկներուն հոսքը դէպի Արցախ, որ պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման:
Առաջարկուած է կազմակերպել եռօրեայ ճանաչողական այց դէպի ԼՂՀ՝ աւելի մանրամասն ծանօթանալու երկրի հնարաւորութիւններուն եւ զբօսաշրջութեան զարգացման հեռանկարներուն: