ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յուլիս 8ին, Երեւանի մէջ, վախճանած է դերասան, «ռեժիսոր», հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Լեւոն Թուխիկեանը:
Լեւոն Սիմոն Թուխիկեանը ծնած է 1931 թուականին Լենինականի մէջ (այժմ՝ Գիւմրի): Աւարտած է Երեւանի գեղարուեստաթատերական հիմնարկի դերասանական եւ «ռեժիսոր»ական բաժանմունքները: 1955-1966ին եղած է Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնի իսկ 1966էն յետոյ Երեւանի դրամատիկական թատրոնի դերասան:
Հայ, ռուս եւ եւրոպական դասական ու ժամանակակից հեղինակներու ստեղծագործութիւններու բեմադրութիւններուն մէջ ստեղծած է տասնեակ հետաքրքրական կերպարներ:
Խաղացած է հեռուստաներկայացումներու եւ նկարահանուած՝ շարժանկարներու մէջ։ Հեղինակ է վէպի, թատերական ներկայացման եւ պատմուածքներու: