ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Կարապետեանի Յուլիս 8ին իրականացուցած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին, քննարկուած է Ջերմուկ քաղաքի զարգացման հայեցակարքը։ Քննարկման մասնակցած են տնտեսութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարարները, տարածքային կառավարման նախարարութեան, Վայոց Ձորի մարզի եւ æերմուկ քաղաքի ղեկավարները:
Ըստ տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեանի, քաղաքի զարգացման հայեցակարգը մշակուած է տեղական եւ միջազգային մասնագէտներուն ուժերով։Անոր նպատակն է æերմուկը դարձնել ամբողջ տարին գործող միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող առողջ եւ գործուն կենսակերպի զբօսաշրջային կեդրոն: Հայեցակարգը ընդունելի համարելով՝ Կարէն Կարապետեանը կարեւորած է անոր գործնական կիրառումը եւ յետագայ ծրագրաւորումը: Անոր խօսքով` անհրաժեշտ է յստակ արձանագրել պետութեան մասնակցութեան չափաբաժինը` զայն ամրագրելով իւրաքանչիւր տարուայ պետական պիւտճէին մէջ, ինչպէս նաեւ նախանշել այն թիրախները, որոնք ներդրողներուն պիտի շահագրգռեն ներդրումներ կատարել æերմուկի մէջ: