ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Թաքուիմ» թերթի քրոնիկագիր Ֆիքրի Ագեիւզ, վերջերս հրապարակած իր մէկ յօդուածով դիտել տուած էր, թէ Ղալաթիոյ մէջ հայոց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ պատուհանները կը նային անմիջապէս քովը գտնուող հանրատուներուն:
Յօդուածագիրը գրած էր. «Գարագիւղի հանրատուներուն անմիջապէս քովը Ս. Փրկիչ անունով հայոց եկեղեցի մը կայ։ Այս եկեղեցիին վարչութեան նախագահը՝ Դանիէլ Աթսուփ, յայտներ է, թէ ժամանակին 300-500 հոգի կու գար եկեղեցի, իսկ ներկայիս կու գայ հազիւ 7-8 հոգի, որովհետեւ հանրատան պատուհաններն ու եկեղեցիին պատուհանները իրարու կը նային»:
Այս զգայուն հարցը շօշափելով՝ գրողը բաղդատական մը ըրած է եկեղեցւոյ եւ մզկիթի միջեւ, հարց տալով, թէ՝ ի՞նչ կ՛ըլլար արդեօք պարագան, եթէ այդ հանրատան քովի եկեղեցիին տեղ մզկիթ մը ըլլար: «Մզկիթ ու հանրատուն. այս երկու բառերն իսկ քով քովի բերելը անընդունելի է, ուր մնաց քով քովի բերել բուն իսկ հանրատունն ու մզկիթը», նշած է թուրք յօդուածագիրը, ըստ որուն, այնտեղ անշուշտ եկեղեցին էր որ նախ գոյութիւն ունէր եւ ոչ թէ հանրատունը։ Սակայն, յօդուածագրին կարծիքով, անոնց համար, ովքեր ժամանակին արտօնեցին եկեղեցիին քով հանրատան մը կառուցումը, կարեւորութիւն չունի այս կացութիւնը։ Եկեղեցի յաճախողներուն թիւը չէ որ կարեւոր է պետութեան համար, կ՛ըսէ գրողը, այլ կարեւոր է այն տուրքը, զոր պիտի վճարէ հանրատան հայ տանտիրուհին։
Յօդուածագիրը եզրակացուցած էր խօսքը ըսելով. «Այո, այս եկեղեցիին քով հանրատան մը բացուիլը Թուրքիոյ հանրապետութեան ծիներու բանալիներուն գաղտնագիրն է։ Ասիկա այն վիրաւոր երկիրն է, ուր թուրք ժողովուրդին անունով վճիռ արձակող դատարան մը կրնայ «տեղացի օտարական» հռչակել այս երկրի փոքրամասնութիւնը։
Իբրեւ արդիւնք, արձագանգելով այս եւ նման յօդուածներու, որոնք կը հնչէին Թուրքիոյ մէջ վերջերս, Թուրքիոյ Յուշարձաններու խորհուրդին կողմէ պատրաստուած յատակագիծի մը համաձայն, Գարագիւղի մէջ հանրատուներով լեցուն թաղամասի բոլոր հանրատուները պիտի փակուին, եւ անոնց տեղ պիտի բացուին հանրապարտէզներ ու հանրային սպասարկութեան կեդրոններ։
Մեր պաշտօնակից «Մարմարա» թերթէն կ՛իմանանք, թէ ներկայիս, նոյնիսկ Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են վերջ տալ այս անփառունակ պատկերին։
ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԽՕՍՔԵՐԸ
ՇՓՈԹ ՍՏԵՂԾԵՑԻՆ
Սակայն այս լուրերու հաղորդումէն ետք, «Սապահ» թերթը անցեալ շաբաթ հերքելով զանոնք՝ տեղեկացուց, թէ Պոլսոյ Մայր քաղաքապետ Գատիր Թոփպաշի բացատրութիւնները կրկին շփոթ ստեղծած են վերոնշեալ հարցին շուրջ։
Արդարեւ, քաղաքապետը, ըստ թերթին, հարցումի մը պատասխանելով՝ յայտնած է, թէ ներկայիս Ղալաթիոյ հանրատուներու թաղամասը այլուր փոխադրելու վերաբերեալ հարց մը չկայ օրակարգի վրայ։
Հետեւաբար, տակաւին յստակ չէ, թէ զիրար հակասող հրատարակութիւններէն եւ քաղաքապետին խօսքերէն ո՛րն է ճիշդը։