ԱՍՏՂԻԿ ՇԻԹԻԼԵԱՆ
ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան հանրային վարժարաններու հայ շրջանաւարտներու գնահատանքի երեկոն տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2009ին, ՀՕՄի կեդրոնէն ներս: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հանրային վարժարաններու խորհրդատուներ եւ ծնողներ։
Պարգեւատրեալ աշակերտներ ընտրուած էին իրենց ուսումնական յաջողութեան, ընկերային եւ մանաւանդ հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութեանց անոնց մասնակցութեան հիման վրայ:
Ընկերուհի Սօսի Փօլատեան իր բացման խօսքին ընդմէջէն հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց ՀՕՄի նպատակներու եւ իրագործած ծրագիրներու մասին, ապա
գնահատեց շրջանաւարտներու աշխատանքն ու յաջողութիւնները՝ մաղթելով նորանոր նուաճումներ։
Այնուհետեւ հրաւիրեց օրուան բանախօսը՝ կրթական եւ ընկերային համակարգէն ներս հանրածանօթ դասախօս, խորհրդատու եւ գիրքերու հեղինակ Արա Մկրտիչեանը։
Դասախօսը նախ ամփոփ կերպով ներկայացուց ՀՕՄը՝ դրուատելով անոր 100ամեայ խիզախ ծառայութիւնը Հայ համայնքին եւ համայն մարդկութեան։ Ան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ մեծ գնահատանքով շնորհաւորեց անոնց յաջողութիւնները, որոնք, իր անձնական փորձառութենէն մեկնած, արդիւնքն են ծառացող մարտահրաւէրներու իրենց գիտակից դիմագրաւումին՝ իբրեւ հայ-ամերիկացիներ։
Ան շարունակելով ըսաւ, թէ կեանքի յաջողութեան համար պէտք է ըլլալ նախաձեռնող եւ ոչ թէ դիտող, զարկ տալով գործնական աշխատանքին՝ աւելի քան խօսքին, իմաստաւորելով եւ օգտագործելով ժամանակը ի նպաստ անձին, ընտանիքին եւ ազգին, չմոռնալով, թէ ի՛նչ ուղիով հասած ենք հոս, եւ ապա միայն որոշենք մեր ուղղութիւնը։ Պէտք է գիտակցինք, որ մենք շառաւիղն ենք վերապրողներու, զաւակներն ենք արկածախնդրողներու, որոնք յաջողած են յաղթահարել բոլոր խոչընդոտները. ուրեմն մեր անցեալը ճանչնալով՝ պէտք է հասկնանք ներկան եւ ապա կերտենք ապագան։
Այս իմաստալից եւ նպատակայարմար խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ պարգեւատրումը։ Տարբեր հանրային վարժարաններէ քսան շրջանաւարտներ, Շրջանային վարչութեան կողմէ ստացան գնահատագիրներ, իսկ իւրաքանչիւր շրջանի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ՝ նիւթական պարգեւներ:
Ձեռնարկի աւարտին, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ ծնողներուն՝ ապագայի ծրագիրներու իրագործման լաւագոյն մաղթանքներով։
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։