ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ Հադրութի շրջանի Մեծ Թաղեր գիւղին մէջ, Յուլիս 2ին բացուած է «Արեւիկ» մանկական խաղահրապարակը՝ համագիւղացի բարերար Արթուր Աղաբէկեանի միջոցներով: Այս խաղահրապարակին բացումը գիւղի բնակիչներուն համար սպասուած նուէր մըն էր, մանաւանդ մանուկներու թիւի արձանագրուած աճէն ետք: Արդարեւ, անցեալ տարի գիւղին մէջ գրանցուած է 22 ծնունդ։
Այս նախաձեռնութիւնը Արթուր Աղաբէկեանի առաջին բարեգործութիւնը չէ. 2008ին, գիւղին մէջ անոր կողմէ կառուցուած է հանգիստի հրապարակ մը՝ նախատեսուած մեծահասակներու համար:
Այս առթիւ բարերարը յայտնած է, թէ իր ծրագիրները այսքանով պիտի չսահմանափակուին։