ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Յունիս 7, 2009ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքը համապատասխան չեղաւ նախընտրական սպասման: Հակառակ ընտրական օրէնքի փոփոխութեան, կարելի չեղաւ վերականգնել հայկական երեսփոխանական պլոքը: Հայութիւնը պիտի շարունակեն ներկայացնել երկու երեսփոխաններ: Խորհրդարանի հայազգի, հայ ծագումով, կամ պարզապէս հայանուն միւս երեսփոխանները, որոնք ստացան հայութեան ձայներուն հազիւ քսան տոկոսը, պիտի շարունակեն պնդել որ համայնքի շահերը կը պաշտպանեն, եւ թերեւս նոյնիսկ անկեղծօրէն ցանկան այդ ընել, սակայն յստակ է որ հայութեան մեծամասնութեան վստահութիւնը չեն վայելեր:
Բնական է, որ եթէ խօսքը ըլլար որեւէ ժողովրդավար դրութեան մասին, այսինքն այն ինչ դասականօրէն կը կոչուի «Արեւմտեան ժողովրդավարութիւն», «լիպերալ ժողովդրավարութիւն», եթէ լիբանանցիք քուէարկէին այս կամ այն կուսակցական ցանկին, կամ անհատ թեկնածուներու, կամ թէկուզ եւ ընտրական տրամաբանութիւնը խարսխուած ըլլար գաղափարախօսական բախումներու վրայ, այս վերլուծումը տարբեր ուղղուածութիւն պիտի ունենար: Բայց լիբանանեան ժողովրդավար դրութիւնը յատուկ է, այնպէս ինչպէս յատուկ է անոր հասարակարգը ընդհանրապէս: Իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ, Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը երկրին ու հասարակութեան իւրայատուկ տեղ տուած է Միջին Արեւելքի, եւ ընդհանրապէս արաբական աշխարհին մէջ: Հետեւաբար, այո՛, Լիբանանի յատուկ կացութենէն մեկնելով, եւ ընդունելով որ համայնքային ներկայացուցչութեան այս դրութիւնը իր բոլոր սահմանափակումներով, այդուհանդերձ թոյլ կու տայ կարծիքի ազատութիւն, մրցակցութիւն, ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւն, արդար է խօսիլ հայութեան անունով, հայութեան շահերուն համար, առանց որ այս մէկը թարգմանուի որպէս հատուածականութիւն: Մինչեւ որ օր մը Լիբանանի հանրապետական հասարակարգը այնքան մը ամրապնդուի, որ միջ-համայնքային գոյակցութիւնը իմաստաւորուի որպէս բազմազանութեան հարստութիւն, եւ փոխադարձ անվստահութեան, ընդհուպ մինչեւ վախի, մթնոլորտն ու անոր վրայ հիմնուած ամէն ընտրական բանաձեւ պարզապէս անիմաստ դառնայ:
Խորհրդարանէն ներս հայկական պլոքի վերականգնման այս ձախողութեան հետեւանքները պէտք չէ թերագնահատել առնուազն երկու իմաստով: Լիբանանեան ժողովրդավարութիւնը միջ-համայնքային գոյակցութիւնը կը տեղադրէ հետեւողական բանակցային գործընթացի մը մէջ: Լիբանանեան ժողովրդավարութեան ամբողջ մարտահրաւէրը այս հանգրուանին այդ գործընթացի պահպանումն է, այլապէս այլընտրանքը 1975ին ծայր առած տասնհինգամեայ անհեթեթ պատերազմն է: Հայութիւնը, հետեւաբար, պէտք ունի առաւելագոյն թիւով ներկայացուցիչներու, որոնք բանակցական գործընթացին մէջ իր շահերը պիտի պաշտպանեն: Երկրորդ, ընտրական ձախողութիւն մը կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ հոլովոյթին մէջ ընդգրկուած բոլոր դերակատարներուն համար՝ ղեկավարութեան մակարդակէն մինչեւ քուէարկութեան կազմակերպման մէջ նուազագոյն պատասխանատուութիւն մը ստանձնած շարքային քաղաքացին: Տրամաբանութիւնը պարզ է. աշխատանքային ամէն ներդրում, ի մասնաւորի երբ կ՛ենթադրէ կամաւոր նախաձեռնութիւն, եւ հետեւաբար՝ զոհաբերութիւն, կ՛ակնկալէ ճիգերու արդիւնաբերում, թէկուզ եւ այդ արդիւնքը շատ-շատերուն համար պարզապէս իրենց պարտականութեան արդար գոհունակութիւն նշանակեն եւ ոչ անպայմանօրէն նիւթական ինչ որ անմիջական ակնկալելիք:
Բայց ահաւասիկ այս վերջին նկատողութեան մեկնակէտէն է, որ անհրաժեշտ է, կենսակա՛ն է, Լիբանանի խորհրդարանական այս ընտրութիւնները վերլուծել երեք հարթակի վրայ. իրենց արդիւնքներէն անդին, լիբանանեան եւ լիբանանահայ ոլորտէն անդին, եւ որպէս նախընթաց Սփիւռքի կազմակերպման՝ ի դէմս 21րդ դարու մարտահրաւէրներուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի արդէն համայն հայ ժողովուրդը: Մնացեալը, այսինքն՝ այս արդիւնքի իսկական պատճառի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ հայութեան շահերու պաշտպանութեան բանակցային գործընթացը, պարզ է, պէտք է վստահիլ լիբանանահայութեան ղեկավարութեան:
Արդարեւ, Յունիս 7, 2009ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւնները Սփիւռքի համար անկիւնադարձային էին այն աննախընթաց զօրաշարժով որ կարելի եղաւ կուռ կերպով կազմակերպել եւ իրականացնել շնորհիւ առաջին հերթին բնականաբար Լիբանանի հայութեան ղեկավարութեան ամէն մակարդակի ներդրումին, բայց նաեւ Սփիւռքի զանազան համայնքներու ղեկավարութեան դրական հակազդեցութեան, համագործակցութեան եւ գործերու համակարգումին: Լիբանանահայութեան համար նման զօրաշարժ առաջին անգամ իրականացած էր քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան երբ խնդրոյ առարկայ էր համայքին հաւաքական վերապրումը: Այն օրերուն Լիբանանը իրաւամբ Սփիւռքի միջնաբերդի դիրքը կը գրաւէր, եւ աշխարհացրիւ հայութիւնը զօրաշարժի ենթարկուեցաւ ի խնդիր լիբանանահայութեան ֆիզիքական անվտանգութեան, համայնքային հաստատութիւններու, ի մասնաւորի դպրոցներու, բնականոն շարունակման, եւ, ընդհանրապէս, երկրէն արտագաղթի առաջքն առնելու, այն գիտակցութեամբ, որ իր գոյատեւման ե՛ւ իմաստ, ե՛ւ երաշխիք եղող հայապահպանման գործին համար Լիբանանը անփոխարինելի էր:
Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան համար այդ առաջին համասփիւռքեան զօրաշարժին պատմութիւնը դեռեւս պէտք է գրուի՝ որպէս Սփիւռքի ազգային ինքնութեան գիտակցութեան թերեւս ամէնէն ցայտուն ու կենդանի փաստերէն: Ամէն պարագայի, հազիւ թէ կարելի է թերագնահատել այդ օրերու համասփիւռքեան զօրաշարժի կարեւորութիւնը, թէկուզ եւ նոյնիսկ եթէ արդիւնքը անպայմանօրէն չեղաւ արտագաղթը կասեցնել այնպէս ինչպէս նպատակադրուած էր: Պարզ է, որ այդ անհեթեթ քաղաքացիական առճակատման տեւողութիւնը ինքնին սպառիչ էր, եւ ի շարս լիբանանեան միւս համայնքներուն հայ համայնքէն ալ շատ շատեր ի վերջոյ երկրէն հեռացան: Պարզ է նաեւ, որ Լիբանանէն դէպի Արեւմուտք մարդուժի հոսքը իր դրական անդրադարձը ունեցաւ Եւրոպայի եւ ամերիկեան ցամաքամասի վրայ կայք հաստատած հայութեան վերակազմակերպման ու աշխուժացման հոլովոյթին վրայ, չըսելու համար որ այդ հոլովոյթը արագացնող գլխաւոր ներդրումը հանդիսացաւ: Իրականութեան մէջ սփիւռքեան բովանդակ գործընթացը 1970-ականներու կէսերէն յատկանշուեցաւ ե՛ւ աշխարհագրական, ե՛ւ մտաւորական արեւմտականացումով, առանց տակաւին հաշուի առնելու Հայաստանէն հիմնականօրէն սոցիալ-տնտեսական պատճառներով թափ առած արտագաղթը, որ, ի դէպ, այնքան ալ ճիշդ չէ Սփիւռք, կամ սփիւռքացում, համարել:
Սփիւռքի արեւմտականացման ա՛յս իրողութիւնը, եւ մանաւանդ անոր վրայ գումարած Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարի ու Հայաստանի անկախացման անկիւնադարձային երեւոյթները, 1980-ական թուականներու երկրորդ կէսէն սկսեալ, սփիւռքեան զարգացումը դուրս բերին դասական հայապահպանումով յատկանշուած ինքնութեան կառուցման աւելի քան եօթանասունամեայ գործընթացէն եւ անոր ենթադրեալներէն, ներառեալ Լիբանանի, եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղթօճախներու, «կեդրոնականութիւն»ը -«միջնաբերդ»ի պատկերացումը: Այն ինչ որ Սփիւռքի մէջ ամբողջ երեք սերունդներ յուսադրած էր որպէս գոյութենական նպատակաուղղուածութիւն, իմա՛՝ «դէպի երկիր» վախճանական նպատակը, բախեցաւ յետ-անկախութիւն, հայաստանեան դաժան իրականութեան: Եւ նոյնիսկ եթէ ճիշդ չէ հայրենադարձութեան հեռանկարը միանգամ ընդմիշտ դուրս բերել ազգային-հաւաքական ճակատագրի պատկերացումէն, Սփիւռքը այսօր իր ինքնահաստատման հանգրուանին է: Սփիւռքեան մերօրեայ իրականութեան շատ երեւոյթներ կու գան յուշելու թէ «ճերմակ ջարդ»ի ուրուականներու սպառնալիքը այնքան ալ բացարձակ չէ, եթէ, բնականաբար, պատրաստակամութիւնը կայ Սփիւռքի ամբողջ ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկելու կեանքի իրականութեան եւ պատմական ներկայ հանգրուանի լոյսին տակ: Ինչ որ անհրաժեշտաբար կը նշանակէ Սփիւռքի քննադատական մտածողութեան վերաշխուժացում՝ մտաւորական, կազմակերպական եւ ղեկավարման ամբողջ մարտահրաւէր մը՝ ե՛ւ անհատական, ե՛ւ հաւաքական մակարդակներու վրայ:
Նման նկատողութիւն անհրաժեշտ է լաւապէս ըմբռնելու համար վերոյիշեալ երեք հարթակները, որոնց հիման վրայ պէտք է խորհրդածել Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու առիթով համասփիւռքեան զօրաշարժի թելադրանքներուն եւ դասերուն մասին:
Արդարեւ, եթէ խորհրդածութիւնները շատ գործնապաշտ հասկացողութեամբ մը պիտի սահմանափակուին միայն Լիբանանի ընտրական ոլորտին մէջ եւ պիտի տեղադրուին սահմանադրականօրէն ճշդուած չորս տարի յետոյ կայանալիք ընտրութիւններուն աւելի յաջող արդիւնքներ ձեռք բերելու, իր կարգին անկասկածօրէն արդար մտահոգութեան մէջ, ապա եւ տեղի ունեցած օրինակելի զօրաշարժի կարողական ամբողջ ուժը կրնայ բովանդակազրկըւիլ: Աւելի՛ն, եթէ լիբանանահայութեան իրաւունքներու վերականգնման նպատակով իրականացած այս զօրաշարժը դիտուի երբեմնի Սփիւռքի մը պատկերացումը վերարժեւորելու մեկնակէտէն, եւ ոչ թէ որպէս սփիւռքեան գործընթացի յառաջդիմական բնոյթի հաստատում, ապա եւ ինքնախաբէութեան թակարդին մէջ իյնալու ռիսկը իսկապէս կրնայ մեծ ըլլալ:
Հետեւաբար, լիբանանահայութեան իրաւունքներու վերականգնման ի խնդիր կայացած այս համասփիւռքեան զօրաշարժը մեկնակէտ պէտք է ըլլայ ամէնէն առաջ Սփիւռքի ինքնահաստատման, ինչ որ պարզ եւ մէկին կը նշանակէ՝ աշխարհացրիւ հայութեան, եւ ի մասնաւորի Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայրենահանուած ժողովուրդի մը, արեւմտահայութեան, մշակութային եւ քաղաքական ժառանգորդ հաւաքականութեան, իրաւունքներու եւ պայքարի յանձնառութիւն: Լիբանանի մէջ այդ մէկը նշանակեց Խորհրդարանէն ներս հայկական երեսփոխանական պլոքի վերակազմում, բայց այլ տեղեր այն կրնայ այլ նպատակ ունենալ: Հիմնականը՝ Սփիւռքի ինքնահաստատումն է ե՛ւ մտաւորական, ե՛ւ կազմակերպական իմաստով, եւ այդ զոյգ ուղղութիւններով ճիգերու բազմացումը: Որպէս նախաձեռնող այս զօրաշարժին, լիբանանահայութեան ղեկավարութեան վրայ անկասկած մեծ պատասխանատուութիւն եւ յոյս դրուած է ստեղծուած խանդավառութեան պահուն սլացք տալու: Այդ մէկը կրնայ ըլլալ սփիւռքեան համայնքները լիբանանահայութեան գործընթացին մասին տեղեակ պահելու, ի հարկին մասնակից դարձնելու ծրագիրներով, բայց նաեւ այս զօրաշարժին շատ աւելի ինստիտուցիոնալ բնոյթ տալով: Ինչ որ կրնայ մինչեւ իսկ առաջին քայլ մը ըլլալ համասփիւռքեան ներկայացուցչական միջոցներ ստեղծելու ուղղութեամբ:
non cmment!
in the 90ies we had 7 representatives in the parlemant &3 ministers,but the political agreements has led us to failure in 3 consecutive ellections,in 2000 till this very date.even if all the armenians vote to ARF it will change nothing more than 2 seats.isn t the time to shake hands &make new negotiations?