ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Տարաբախտ «Փոփ» երգիչ Մայքըլ Ճաքսընի իրաւաբանը Լոս Անճելըսի գերագոյն դատարանին ներկայացուց արուեստագէտի եօթ տարի առաջ գրած կտակը, ուր կտակակատար նշանակուած է մայրը, որ նոյնպէս նկատի առնուած է իբրեւ Ճաքսընի երեք զաւակներուն խնամատար:
Ճաքսըն իր ամբողջ հարստութիւնը, որ կը գնահատուի շուրջ 500 միլիոն տոլար, դրած է իր անունով ընտանեկան «թրասթ»ի մը մէջ, որուն մէջ երբեք նկատի չէ առնուած երգիչի նախկին կինը՝ Տեպորա Րոն:
Ճաքսընի մայրը՝ Քաթըրինը, 79 տարեկան է: