ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Նիկոլ Փաշինեան, որ հետախուզման մէջ էր նախորդ տարուան Մարտ 2էն ի վեր, Յուլիս 1ին կամաւոր ներկայացած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւն:
Ըստ ՀՀ գլխաւոր դատախազի մամլոյ քարտուղար Սոնա Տռուզեանի, Ոստիկանութեան կեդրոնի բաժնի աշխատակիցներուն կողմէ, Փաշինեան կալանաւորուած է եւ տեղափոխուած «Երեւան-կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկ:
Յիշեցնենք, որ Յունիս 19ին Հայաստանի Ազգային ժողովին ընդունած համաներման որոշումին համաձայն, հետախուզման մէջ գտնուողները, եթէ մինչեւ Յուլիս 31 ներկայանան իրաւապահ մարմիններու, ապա համաներումը պիտի ընդգրկէ նաեւ զիրենք։