ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շաբաթ, 27 եւ Կիրակի 28 Յունիս, 2009ի շաբաթավերջի այս երկու օրերը դարձան պատմական՝ Փասատինայի ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» մասնաճիւղին համար, որովհետեւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան փափաքով եւ նոյնինքն շրջանի ՀՄԸՄի վարչութեան տնօրինումով, Փասատինայի նոր Հայ կեդրոնի «Նշան Խաչիկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան Նաւասարդեան մարզախաղերու այս տարուան ծրագրուած պասքեթի խաղերու շարունակութիւնը եղող շուրջ քսանինը մրցումներ:
Նշեալ երկու օրերուն՝ Հայ կեդրոնը վերածուած էր մեղուաբոյնի մը, ուր ամէն ժամու 7-10 տարեկան ՀՄԸՄի Փասատինայի եւ քոյր միութիւններու զանազան բաժիններու ՀՄԸՄի կրծքանշան կրող մարզիկներու երկսեռ մարզիկները, իրենց ժամանակացոյցին համաձայն, իրենց ծնողներու առաջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ, կարգով կեդրոն կու գային՝ մրցելու եւ միաժամանակ բարի նախանձէն ծնունդ առած բառերով հիացումով ու զարմանքով դիտելու նոր մարզադաշտն ու յարակից բաժինները:
Եւ տակաւին իրենց յատուկ գոյներու տարազներով փոքրերուն այս հոծ, աղմկոտ ու խանդավառ ներկայութիւնը կեդրոնէն ներս հայու հոգին կը լեցնէր նոր տեսակի հպարտութեամբ մը:
Այս առթիւ, կ՛արժէ լոյս բերել այն ճշմարտութիւնը, թէ Փասատինայի ՀՅԴ Լեռնավայր կոմիտէութեան անդամներն ու ՀՄԸՄականները, իբրեւ երկուորեակներ, մէկ ամսուան ընթացքին միասնաբար մտածելով, ծրագրելով եւ գործելով՝ ոչ միայն Հայ կեդրոնը դարձուցին պարզ ու սովորական ակումբի մը, այլ եւ վերաշինելով մարզադաշտը՝ զայն պատրաստեցին նման մարզախաղերու համար:
Մեր կեանքի առկայ պայմաններուն տակ, չենք կրնար անտեսել կամաւորներու բանակին միացած նուիրեալներու յաւելեալ ուժականութիւնն ու պատասխանատուութեան զգացողութիւնը, որոնք մեր բոլորին նոր ուժ եւ կորով կը ներշնչեն, որովհետեւ այս տղոց միութենական կեանքին բերած հսկայ ներդրումը մեզ մեծապէս երախտապարտ կը զգացնէ:
Յամենայնդէպս, այս երկու օրերուն ընթացքին տեսանելի էր հաւաքական երազի մը կենդանութիւնը: Մէկ խօսքով, կը լսուէր յստակ երգ մը, զոր տակաւին շատ քիչեր երգած էին:
Անկասկած, որ ՀՄԸՄի վարչութիւնը այսօր այս եղածով պիտի չգոհանայ: Այս նոր ու նախանձելի յաղթանակով պիտի չգինովնայ: Ճշմարտութիւն է, որ հետզհետէ աճող մեր գաղութը կարիքը ունի նոր ուրիշ մարզատաշտի մը, աւելի մեծն ու արդիականը, որ պիտի գոհացնէ բոլոր մարզիկներուն եւ մարզական խաղերուն կարիքները:
Անոր համար էական է շարունակել ծառայութեան երթը: Այս նոր ծրագիրը նաեւ յաւելեալ պարտք կը դնէ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄականի ուսերուն՝ ներկայի պայմաններուն եւ նորանոր մարտահրաւէրներուն դէմ կրկնակի աշխատանք տանելու համար:
Գաղութներու պատմութեան մէջ կան թուականներ, որոնք անկիւնադարձային կը նկատուին, կ՛ապահովեն տուեալ գաղութի գոյատեւումը, յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը։ Փասատինայի հայ համայնքին սեփական մարզադաշտի տէր դառնալու թուականը այդ իսկ պատճառով արդէն պատմութեան անցած է, որովհետեւ համայնքին շուրջ համախմբուած բոլոր միութիւնները վերածած է աւելի զօրաւոր եւ լայն կազմակերպութեան մը։
Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն հարիւրաւոր հայորդիներ ապրեցան աւանդական դարձած այս մարզախաղերուն ստեղծած անօրինակ խանդավառութիւնը, որ միեւնոյն ատեն ազգային հպարտութեան անմոռանալի պահեր ստեղծեց բոլորին սիրտերուն մէջ: Ու այս խանդավառութեան եւ հոգեկան մեծ վայելքին առջեւ, կրկին անգամ ուրիշ բան չունինք ըսելու, եթէ ոչ՝ հայու սրտէն փրթած անկեղծ խօսք մը.
– Ապրի՛ Փասատինայի հայ համայնքը, ապրի՛ ՀՄԸՄը եւ՝ բարի վայելում: