ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ օրերս տեղի ունեցող Սուրիոյ մշակութային օրերերուն ծիրէն ներս, Յուլիս 1ին, Հայաստանի գրողներու միութեան (ՀԳՄ) տան մէջ, մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի մօտ Սուրիոյ դեսպանատունը կազմակերպած էին հանդիպում մը Հայաստան գտնուող Սուրիոյ գրականութեան եւ արուեստի խումբ մը գործիչներու հետ:
ՀԳՄ նախագահ Լեւոն Անանեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի Հայաստան կատարած պաշտօնական այցելութիւնը, որ նախորդած էր Հայաստանի մէջ իրականացող Սուրիոյ մշակութային օրերուն։
«Հարկ չկայ մանրամասն անդրադառնալ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան շրջանում իրենց տունուտեղից քշուած հայերին ցոյց տուած այն օժանդակութեան, որ իրականացրեց Սիրիան, այդ՝ մեր ժողովրդի համար ծանր շրջանում: Հէնց այդ ազնիւ վերաբերմունքի շնորհիւ է, որ այսօր Սիրիայում բնակուող մեր հայրենակիցները այդ երկիրն անուանում են իրենց երկրորդ հայրենիքը», նշած է միութեան նախագահը:
Լ. Անանեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է սուրիահայ գրողներուն, որոնք սերտ կապեր ունին հայրենի գրականութեան հետ, կ՛աջակցին երկու երկիրներու գրական առնչութիւններու փոխհարստացման: Ան յայտարարած է, որ Յուլիսի կէսերուն պիտի ստորագրուի Հայաստանի եւ Սուրիոյ գրողներուն համատեղ յուշագիրը:
Իր պատասխան խօսքին մէջ, Սուրիոյ մշակոյթի փոխնախարար Մոհամմէտ Թորքի Սայէտ ողջունած է հայ գրողները՝ փոխանցելով նաեւ յարգելի պատճառով հանդիպումէն բացակայող Սուրիոյ գրողներու միութեան նախագահի ողջոյնները: «Այն փաստը, որ մեր պատուիրակութեան կազմին մէջ նաեւ կայ հայ հեղինակ, կը վկայէ, որ մենք կը գնահատենք մեր երկրին հայ քաղաքացիներն ու անոնց գործունէութիւնը», ըսած է ան՝ նոյնպէս կարեւոր համարելով Սուրիոյ նախագահի վերջերս Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութիւնը: Ըստ իրեն, այդ այցելութիւնը «Սուրիոյ նախագահի եւ անոր ժողովուրդի հոգիի արտայայտութիւնն է՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ»:
Այնուհետեւ ներկաները ունկնդրած են արաբ յայտնի լրագրող, «Հայաստան. հող եւ մշակոյթ» մենագրութեան հեղինակ Սամիր Արպաշի «Հայ եւ արաբ գրողներու մշակութային առանձնայատկութիւնները» դասախօսութիւնը: