ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կը շարունակուի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ համահայկական միջազգային երիտասարդական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, զոհուած եւ հաշմանդամ ազատամարտիկներու ընտանիքներուն առանձնատուներու կառուցման ծրագիրը: Յունիս 30ին, Արարատ մարզի Մարմարաշէն գիւղին մէջ տեղի ունեցած է հերթական առանձնատան բացման արարողութիւնը, որ կառուցուած է զոհուած ազատամարտիկ Անդրանիկ Բարութեանի ընտանիքին համար: Պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Սէյրան Շահսուվարեան կը տեղեկացնէ, թէ շնորհաւորելով բնակարանամուտը՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ազատամարտիկի այրիին՝ Լուսինէ Բարութեանին, յանձնած է առանձնատան վկայագիրն ու բանալին:
Նաեւ նոյն գիւղին մէջ հիմնովին վերանորոգուած է Ռոպերթ Միրզոյեանին բնակարանը, որուն որդին՝ Գեղամ Միրզոյեանը, 2007ին զոհուած է ժամկէտային ծառայութեան ընթացքին: Շնորհակալութիւն յայտնելով կատարուած աշխատանքին համար, Ռ. Միրզոյեան ըսած է, թէ հակառակ կորուստի անդառնալիութեան, ինք կը սփոփուի այն փաստով, որ որդին զոհուած է հայրենիքին հանդէպ պարտքը կատարելու ընթացքին: Սէյրան Օհանեան վստահեցուցած է, որ յանուն հայրենիքի զոհուած տղոց հարազատները մշտապէս պիտի արժանանան իրենց ուշադրութեան։