ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի Պաքու կարճատեւ, սակայն նշանակալից այցելութիւնը մտահոգիչ զարգացումներու սկիզբ կրնայ հանդիսանալ:
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ հանդիսացող Ռուսիոյ ղեկավարէն մենք կ՛ակնկալենք, որ առաջին հերթին, իր այդ հանգամանքին իսկ բերումով պաշտպանն ու ջատագովը ըլլայ Ղարաբաղի բանակցութիւնները ու հակամարտութեան կարգաւորման ճանապարհները ԵԱՀԿի գծած շրջանակէն ներս փնտռելու: Միջազգային այլ կառոյցներու, ներառեալ ու յատկապէս ՄԱԿի ներգրաւումը այս գործընթացին մէջ, մանաւանդ այսքան ճանապարհ կտրելէ ետք, միայն կրնայ շփոթ ստեղծել՝ խառնելով ու խանգարելով նախնական բոլոր համաձայնութիւնները, նոյնիսկ աւելորդ լարուածութիւն մտցնելով բանակցութիւններուն մէջ:
Աւելորդ լարուածութիւնը արդէն իսկ փաստ կը դառնայ, երբ Ատրպէյճան, Ռուսիոյ կողմէ նման վերաբերմունքը նկատելով իրեն ուղղուած զօրակցութեան յայտարարութիւն՝ պիտի անտեղիօրէն կարծրացնէ իր դիրքը եւ անկարելի դարձնէ որեւէ համաձայնութեան մը հասնելու հնարաւորութիւնը:
Մէկ խօսքով, պիտի ստեղծուի անիմաստ շփոթ մը, որուն բնական արդիւնքը պիտի ըլլայ դիրքերու կարծրացումը եւ տարածաշրջանի մէջ պայթուցիկ վիճակի վերականգնում. բան մը, որ թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ՛ Ատրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան ծրագիրներուն համար խանգարող ազդակ միայն կրնայ ըլլալ:
Բանակցութիւններու ներկայ ձեւաչափի պահպանումը պէտք է ըլլար ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ու անոր համանախագահներու առաջնահերթ պատասխանատուութիւնը: Նախագահ Մետվետեւի Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնը բոլորովին դուրս է այս պատասխանատուուութեան տէր դառնալու ռուսական ցարդ յայտարարուած դիրքորոշումներէն, եւ ըստ այնմ՝ խիստ մտահոգիչ:
Հայաստան պէտք չէ ուշացնէ իր պաշտօնական պատասխանը նախագահ Մետվետեւի այս բանաձեւումին:
Tsavok, Hayastanum der chi meknabanvum Medvedevi aytsn u haytararutiunnere. Miayn lghozvats ev endhanur lurer. Tsanot enk miayn azeri site-erits.
Bays, vor Rusastane gazi hamar Kharabaghi hartsum kkangni azerineri koghkin, mez chi zarmatsnum…nrank amen inchi endunak en!