ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ծիրին մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի եւ Արթիւր Նազարեան Երկուշաբթի երեկոյեան այցելեցին խորհրդարան, ուր հանդիպում ունեցան երկրին կառավարութեան կազմութիւնը յանձն առած վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ։
Հանդիպումէն ետք Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը, մեկնելով իսկական գործակցութեան սկզբունքէն՝ պահանջած է կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն մեծ թիւով քաղաքական ուժեր։
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը պատրաստակամութիւն յայտնած է մասնակցելու յաջորդ կառավարութեան եւ պահանջած է կազմել 30 նախարար հաշուող կառավարութիւն մը, որուն մէջ լիբանանահայութիւնը կը ներկայացուի երկու նախարարով։
no comment