ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ Վերահսկիչ պալատը Մշակոյթի նախարարութեան 2007-08 թթ. գործունէութեան ծիրէն ներս, ընդհանուր առմամբ, յայտնաբերած է 204 մլն դրամի խախտում: Այդ մասին յայտնած է Վերահսկիչ պալատի նախագահ Իշխան Զաքարեանը՝ Յունիս 30ին կայացած մամուլի ասուլիսի մը ընթացքին։ Կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն նախարարութեան յատկացուած գումարներուն հաշուին «Սայաթ- Նովայ» օփերայի բեմադրութեան համար յատկացուած է 14 մլն դրամ, սակայն առ այսօր ոչ գումարը վերադարձուած է պիւտճէ, ոչ ալ օփերան՝ բեմադրուած: «Մշակութային կրթութեան աջակցութիւն» հիմնադրամին յատկացուած է 15,8 մլն դրամ, սակայն ուսումնասիրութեան արդիւնքով պարզուած է, որ հիմնադրամը իր ձեռնարկները իրականացուցած է 10 մլն-ի սահմաններու մէջ::
Նախարարութեան յուշարձանների վերականգնման ծրագրի ոլորտին մէջ, ըստ Ի. Զաքարեանի, պատկերը տխուր է, որովեհետեւ այստեղ յայտնաբերուած են պետական պիւիճէի միջոցներու անարդիւնաւէտ ծախսեր եւ կոպիտ իւրացումներ:
Ըստ Ի. Զաքարեանի, որոշուած էր այս խնդիրը ներկայացնել դատախազութեան:
Ի. Զաքարեանի տեղեկացմամբ, նախորդ տարի Վերահսկիչ պալատը ՀՀ դատախազութիւն ուղարկած է 9 գործ, որոնց մէջ քրէական գործ յարուցուած է 6ի պարագային, 2ը իրաւական բնոյթ չեն ստացած, իսկ մէկը կարճուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.