ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունաստանի Կորֆու կղզիին մէջ ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներուն ոչ պաշտօնական հանդիպման ծիրէն ներս, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը չէ կայացած: Այս մասին յայտնած է ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մամլոյ խօսնակի պաշտօնակատար Տիգրան Բալայեանը Յունիս 30ին, «Արմէնփրէս»ի խնդրանքով մեկնաբանելով թրքական լրատուամիջոցներու տեղեկատւութիւնը այն մասին, որ Էդուարդ Նալբանդեանը եւ Ահմեդ Դաւուդօղլուն հանդիպում ունեցած են Յունիս 28ին Կորֆուի մէջ: «Այս տեղեկութիւնները չեն համապատասխանում իրականութեանը»,- նշած է Տ.Բալայեանը:
Նշենք, որ Եւրոպայում անվտանգութեան ամրապնդման հարցերուն նուիրուած հանդիպման ծիրէն ներս՝ ՀՀ ԱԳ նախարար Է.Նալբանդեանին հետ հանդիպման մտադրութիւն Թուրքիայի ԱԳ նախարար Ա.Դաւուդօղլուն արտայայտած էր նախապէս, սակայն նման հանդիպման պայմանաւորուածութիւն ձեռք չէր բերուած: