ՊԱՔՈՒ, «ԱՓԱ».- Ատրպեճանական Մամլոյ գործակալութեան (ԱՓԱ) լրատուութեան համաձայն, Ատրպէյճանի Միլի Մէճլիսի (խորհրդարանի)արտաքին եւ տնտեսական յարաբերութիւններու յանձնաժողովները, Երեքշաբթի օր, բողոքի նամակ մը յղած են Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին՝ դատապարտելով Քոնկրէսի պիւտճէի յանձնաժաողովի արտաքին օժանդակութեանց գապակցութեան առաջարկները:
Միլի Մէճլիսի յանձնաժողովներու միացեալ նիստին ներկայ եղած է նաեւ խորհրդարանի նախագահ Սաֆա Միրզայեւ:
Նշենք, որ ԱՄՆի քոնկրէսի պիտճէի յանձնաժողովը անցեալ շաբթուան ընթացքին որոշած էր եկող տարուան ամավարկի մէջ տաս միլիոն տոլարի օժանդակութիւն յատկացնել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան:
Միլի Մէճլիսի բողոք-նամակին մէջ կը նշուի, որ ԱՄՆի Քոնկրէսի պիւտճէի յանձնաժողովի այս քայլը չի նպաստեր ատրպեճանական-ամերիկեան ռազմավարական գործակցութիւնը սերտացնելու ճիգերուն, մանաւանդ այս շրջանին երբ թէ ուժանիւթի, թէ շրջանային ապահովութեան եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտներու մէջ Ամերիկա-ատրպեճանական գործակցութիւնը ռազմավարական մակարդակի բարձրացած է:, երբհայ-ատրպեճանական բանակցութիւնները Լեռնային ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գծով հասած են նուրբ հանգրուանի մը, երբ ակներեւ պահանջք կայ, որ Միացեալ Նահանգները գպրծէ հաւասարակշռուած ձեւով: