ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վրաստանը, զգալով բազմաթիւ լուրջ դժուարութիւններ թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին քաղաքականութեան մէջ՝ ի դէմս Հայաստանի կը փնտռէ ռազմավարական նոր գործընկեր: Յունիս 30ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, նման դիտարկում ըրած է «Արեւմտահայոց հարցերի ուսումնասիրութիւնների կենտրոն» գիտահետազօտական հիմնադրամի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանը՝ նկատել տալով, որ բացի Ռուսիոյ հետ ձեռք բերած թշնամական յարաբերութիւններէն, Վրաստանը Ատրպէյճանի հետ նոյնպէս խնդիրներ ունի:
Անոր խօսքով, այժմ Վրաստանը լրջօրէն հետաքրքուած է Հայաստանով, քանի որ վերջինս դէպի Իրան մեծ ծրագիրներու իրականացումով, կը դառնայ բաւական լուրջ գործընկեր եւ տարանցիկ երկիր: Սակայն մասնագէտը նշած է, որ հակառակ այս բոլորին, Վրաստանի վստահիլ կարելի չէ:
«Վրացիները վստահելի գործընկեր չեն մեզ համար, միշտ պէտք է յիշենք æաւախքի հայաթափութեան քաղաքականութիւնը», ըսած է ան՝ յիշեցնելով, որ Վարստանի Ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ Հայաստանը կը յիշատակուի ոչ թէ իբրեւ Վրաստանի ռազմավարական գործընկեր, այլ պարզապէս բարեկամ երկիր:
Ան նշեց, թէ Մ. Սահակաշվիլին Հայաստան կատարած այցելութեան ժամանակ խօսած է հայ-վրացական ռազմավարական գործընկերութեան մասին: Այս խօսքերուն տակ, սակայն, ըստ վերլուծաբանին, թաքնուած է այլ միտք, որ դարձեալ կը փաստէ, թէ Վարստանը կը փափաքի Հայաստանը տեսնել իբրեւ ռազմավարական գործընկեր:
Միաժամանակ Հ. Ալվրցեան նշած է, որ Վրաստանի ռազմավարական գործընկերներ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը, այդ երկրին համար կը ստեղծեն ներքաղաքական շատ լուրջ խնդիրներ, որոնց մասին Վրաստանի իշխանութիւնները գիտեն եւ կ՛անհանգստանան:
Ըստ վերլուծաբանին, Վրաստանը Հայաստանի համար կարեւոր երկիր է, սակայն Մ. Սահակաշվիլին ինքզինք սպառած քաղաքագէտ է, որ չունի աջակցութիւն Արեւմուտքի մէջ, Ռուսիոյ եւ անգամ՝ իր երկրին մէջ: Հ. Ալվրցեանի կարծիքով, Մ. Սահակաշվիլին իր իշխանութեան տարիներուն, Հայաստանի վերաբերող բոլոր հարցերուն մէջ հակահայկական դիրքորոշում ունեցած է: «Եթէ նրա քայլերին լուրջ վերաբերուէինք, ապա ցանկացած պահի հայ-վրացական կոնֆլիկտ կարող էր ստեղծուել», եզրափակած է Ալվրցեան: