ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Յունիս 30ին ընդունած է Սուրիոյ Արաբական հանրապետութեան մշակոյթի նախարար Ռիատ Նաասան Աղա:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուած տեղեկութեան համաձայն, վարչապետ Սարգսեան ողջունելով հիւրը՝ յատկանշական համարած է այն, որ Սուրիոյ հանրապետութեան նախագահի Հայաստան այցին անմիջապէս յաջորդած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ մշակոյթի օրերու իրականացումը՝ իբրեւ երկկողմանի համագործակցութեան նոր դրսեւորում:
Նախարար Նաասան Աղա վարչապետ Սարգսեանին փոխանցած է Սուրիոյ հանրապետութեան վարչապետի ջերմ ողջոյնները:
Զրոյցի ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ մշակութային համագործակցութիւնը գնահատուած է կայուն եւ զարգացող: Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ դարաւոր կապերուն ամրապնդման եւ բարեկամ ժողովուրդներուն միջեւ նոր որակաւոր յարաբերութիւններու ձեւաւորման գործին մէջ կարեւոր համարուած է Սուրիոյ հայ համայնքին դերակատարութիւնը: