Հիւսիսային Քորէա Երկուշաբթի օր քննադատեց Հաուայիի շուրջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերու զետեղումը՝ զայն կոչելով Փիոնկիանկի վարչակարգին վրայ յարձակում գործելու դաւ մը եւ յայտնելով, որ առ ի հակազդեցութիւն, պիտի ամրապնդէ իր հիւլէական զինամթերքը։
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյց յայտնած էր, որ ան հրամայած է Հաուայիի շուրջ հակահրթիռային համակարգեր զետեղել, մեկնելով այն մտավախութենէն, թէ Հիւսիսային Քորէա կը ծրագրէ դէպի կղզի հեռահաս հրթիռի արձակման փորձ մը կատարել:
Հիւսիսային Քորէայի գլխաւոր օրաթերթ «Ռոտոնկ Սինմուն» կը յայտնէ. «Ամերիկեան ուժերու աղմկոտ շարժումին միջոցով ի յայտ եկաւ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ մեր հանրապետութեան դէմ կանխարգելիչ հարուածի մը շղթայազերծումը դարձած է կոշտ իրականութիւն մը»։
Օրաթերթը նաեւ Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց հիւլէական ուժով բանող օդանաւեր եւ քորէական թերակղզիի մօտ ջուրերու մէջ հիւլէական ռումբերով զինուած սուզանաւեր տեղակայելով, միաժամանակ յայտնելով, որ այդ քայլերը կը փաստեն, թէ «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հիւսիսային Քորէայի դէմ կանխարգելիչ հիւլէական հարուածը» անմիջական վտանգ մըն է։
Միւս կողմէ՝ Հիւսիսային Քորէայի դէմ ՄԱԿի հաստատած պատժամիջոցներու առաջին փորձառկումով մը, ամերիկեան խորտընկեց մը կը հետապնդէ Հիւսիսային Քորէայի դրօշակը բարձրացուցած նաւ մը, որուն շուրջ արգիլեալ զէնքեր փոխադրելու կասկածներ գոյութիւն ունին։
ՄԱԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սուզըն Ռայս Կիրակի օր ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն «այդ նաւուն ընթացքին շատ մօտէն կը հետեւի»։
Ռայս չյայտնեց, թէ ամերիկեան մարտանաւը Հիւսիսային քորէական նաւին դէմ քայլերու պիտի դիմէ՞, թէ ոչ։
Հիւսիսային Քորէա յայտնած է, որ իր նաւերուն նաւարկումին որեւէ կանգնեցում պիտի նկատէ պատերազմի յայտարարութիւն մը: