ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ գործող նախագահ Տօրա Փաքոյանիս յայտարարած է, որ հաւանութիւն կու տայ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին շուրջ բանակցային գործընթացի ներկայ զարգացման:
«Ես ոգեւորուած եմ բանակցային գործընթացի իրադրութեան ներկայ զարգացումով եւ կառուցողական քննարկումներով: Այդ քննարկումներուն մէջ առկայ է դրական ազդակ, որ կենսականօրէն կարեւոր տարր է հետագայ բանակցութիւններուն համար», նշած է Փաքոյանիս՝ տարածաշրջան տուած այցին նախօրեակին:
Խօսելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի մասին՝ ան նշած է, թէ ամբողջովին կը պաշտպանէ Մինսկի խումբի համանախագահներուն գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ իր անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիկի աշխատանքը՝ փոխադարձ վստահութեան հաստատման ուղղութեամբ: «Բայց շփման գիծին մէջ տեղի ունեցող միջադէպերը կ՛անհանգստացնեն մեզ: Եւ ես կոչ կ՛ընեմ կողմերուն՝ ամբողջովին կատարել հրադադարի պայմանագիրը», ընդգծած Է ԵԱՀԿի գործող նախագահը: