ԵՐԵՒԱՆ.- Յուլիս 4ին պիտի կայանայ Հայաստանի գրողներու միութեան 15րդ համագումարը, որուն ընթացքին փակ քուէարկութեամբ պիտի ընտրուին միութեան նախագահն ու վարչութեան անդամները: Ըստ մամուլի մէջ շրջանառուող տեղեկութիւններուն, նախագահի պաշտօնին, բացի Լեւոն Անանեանէն, կը յաւակնին նաեւ Աբգար Ափինեանն ու Ռազմիկ Դաւոյեանը:
Ուրբաթ ակումբին մէջ, Յունիս 26ին, գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան բացառած է Աբգար Յովհաննիսեանի թեկնածութիւնը՝ ըսելով. «Աբգար Ափինեանը վարչութեան միաձայն որոշմամբ հեռացուել է, ո՞նց կարող է մարդը գրողների միութեան անդամ չլինի եւ չմասնակցի համագումարին ու յանկարծ ընտրուի նախագահ: Չնայած, դա նրա դարաւոր բաղձանքն է: Աբգար Ափինեանը գրողների միութեան նախագահ ընտրուելու այնքան իրաւունք ունի, ինչքան այս փակուղու հաւաքարարը»:
Ինչ կը վերաբերի Ռազմիկ Դաւոյեանին, Անանեան նշած է, թէ ինք այդքան յոռետես չէ, ուստի անոր հետ համագործակցութեան ծրագիրներ չի մշակեր:
Մինչեւ Յուլիս 4 տակաւին ժամանակ կայ, ուստի Անանեան չբացառեց, որ մթնոլորտը կրնայ աւելի լարուիլ եւ կիրքերը աւելի բորբոքին. «Այժմ մթնոլորտը աշխատանքային է: Սակայն պէտք է հասկանալ, որ կայ գրողների միութեան ներսում տիրող մթնոլորտ եւ արտագրողական մթնոլորտ, որը արհեստականօրէն 2 տարի է շիկացւում է, բայց այդ շիկացումը տեղի է ունենում ընդդիմութեան ներսում», նշած է ան:
Ըստ Անանեանի, նդդիմութեան հետ գրողներու միութեան իշխանութիւնը գաղափարական որեւէ տարաձայնութիւն չունի. «Ինչ գաղափարական տարաձայնութիւն կարող է լինել, որ արդէն 8 տարի է ես նախագահ եմ ընտրուել, աշխատում է ամէն շաբաթ քարտուղարութիւնը, ամէն ամիս հաւաքւում է նախագահութիւնը, բոլոր կառոյցները աշխատում են լարուած: Եթէ դուք սեւ ակնոց չդնէք, պէտք է ասէք, որ քնած վիճակում չէ գրողների միութիւնը»:
Լարուածութիւնը, Անանեանի կարծիքով, նիւթական աջակցութիւն ունի: Հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը՝ Անանեան, այնուամենայնիւ, վստահ է, որ գրողներու միութեան 400 անդամները ազնիւ, անկաշառ, առանց թելադրանքներու ընտրութիւն պիտի ընեն. «Պիտի դիմակայենք բոլոր փորձութիւններին, որոնք մեզ սպասում են: Գրական հասարակութիւնը տեսել է եւ Ռազմիկին, եւ աբգարներին, եւ Լեւոնին այդ աշխատանքի մէջ, ոչ մէկս լուսնից չենք իջել փարաշիւթով», աւելցուցած է ան:
Անանեան վստահ է, որ երբ սպառին բոլոր ազնիւ միջոցները, կը մնայ «սկանտալ, սենսացիա սարքես, որ յետոյ նորից առիթ ունենաս վարձու մամուլի շնորհիւ, գզվռտոց սարքել»: Նախագահին խօսքերով, «Այժմ, մենք կը յաւակնինք ստոր միջոցներու կիրառման ցուցանիշով՝ գրանցուիլ Ճինեսի գրքին մէջ»:
Նշենք, որ երէկ՝ 26 Յունիսին, Հայաստանի գրողներու միութիւնը իբրեւ պարգեւ ստացած է նոր տպարան մը՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ: Նոր տպարանը պիտի նպաստէ հետագային հայ գրողներու եւ ստեղծագործներու նոր հրատարակութիւններու տպագրութեան նպատակին: