ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 26ին կայացած իր արտագնայ նիստին ընթացքին, կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է Սիւնիքի մարզի մշակութային հիմնախնդիրներու լուծման ուղղուած միջոցառումներու ցանկին:
Գործադիր մարմինը որոշած է «Տաթեւ»ի վանական համալիրը եւ յարակից Խոտ, Շինուհայր, Հալիձոր, Տաթեւ, Սուարանց, Տանձատափ, Աղուանի եւ Բարձրաւան համայնքները հռչակելել իբրեւ զբօսաշրջային կեդրոն՝ զայն անուանելով «Տաթեւ» զբօսաշրջային կեդրոն, նաեւ հաստատել «Տաթեւ» զբօսաշրջային կեդրոնի զարգացման ծրագիրի հայեցակարգային նպատակները եւ գերակայ խնդիրները:
Որոշման միւս կէտերով յանձնարարուած է Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամին միջոցով վեցամսեայ ժամկէտի ընթացքին ապահովել նորաստեղծ կեդրոնի զարգացման ծրագրի մշակումը: Կառավարութիւնը անդրադարձած է նաեւ մարզի «Զօրաց քար» յուշարձանախումբին եւ որոշած է ստեղծել «Զօրաց քարէ բնակատեղի» պետական պատմամշակութային արգելոց մը:
Նշենք, որ կառավարութեան նիստի ընթացքին, արդարադատութեան նախարար Գէորգ Դանիէլեան տեղեկացուցած է, որ Գորիսի բանտը, ուր կը պահուին ծանր յանցագործութիւններ կատարողներ ու ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ոճրագործներ, պիտի տեղափոխուի քաղաքի բնակելի շրջաններէն դուրս: Հիմնարկը պիտի ըլլայ միջազգային չափանիշներու եւ օրէնսդրութեան պահանջներու համապատասխանող:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.