ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբը, հետեւելով իր արտաքին գործողութիւններու ենթայանձնախումբի օրինակին՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ 2010 տարեշրջանին տրամադրուելիք արտաքին օժանդակութեանց ընդհանուր ծրագրին մէջ վաւերացուած են նաեւ Հայաստանի 48 միլիոն տոլար, իսկ Արցախի համար 10 միլիոն տոլար օժանդակութիւն տրամադրելու կէտերը:
Յանձնախումբը նաեւ որոշեց անխախտ պահել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տրամադրուող ռազմական օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը՝ իւրաքանչիւրին 3 միլիոն տոլար տրամադրելով: Ռազմական մարզումներու համար իւրաքանչիւր երկրին պիտի տրամադրուի յաւելեալ 450,000 տոլարի գումար մը:
Որոշումին մէջ նաեւ յաւելեալ խստութեամբ շեշտուած է, թէ Ատրպէյճանի տրամադրուող օժանդակութիւնները պէտք է սահմանափակուին մինչեւ այն ատեն, որ համաձայնութիւն մը չէ գոյացած Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ, միաժամանակ շեշտելով, թէ հակամարտութեան կողմերը պէտք է հեռու մնան ուժի դիմելու սպառնալիքներէն՝ անուղղակիօրէն քննադատելով յաճախ նման սպառնալիքներ կատարող Ատրպէյճանի իշխանութիւնները:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրէսականներ Նիթա Լոուիին, Էտըմ Շիֆին, Մարք Քըրքին, Սթիւ Ռաթմընին, Ճէսի Ճէքսըն կրտսերին, Պէթի ՄըքՔալըմին, Պարպարա Լիին եւ Սթիւ Իզրըյէլին, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան այս որոշումին գոյացման մէջ:
Յաջորդ հանգրուանին, Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստը պիտի քննէ օժանդակութեանց հարցը: