ԵՐԵՒԱՆ.- Իր կնոջ՝ Սանտրա Ռուլովսի հետ, երկօրեայ պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլի, Հայաստանի նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած է լուծելու Հայաստանի հետ սահմանային անցման առնչուող խնդիրները:
Երեւան ժամանած նախագահ Սահակաշվիլի, Հայաստանի նախագահական նստավայրէն ներս պաշտօնապէս դիմաւորուած է Սերժ Սարգսեանի կողմէ եւ արարողակարգային ընդունելութենէն ետք, երկու նախագահները ունեցած են առանձին հանդիպում մը:
Նախագահներու առանձնազրոյցին յաջորդած է պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպում:
Բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են Վրաստանի տարածքով բեռնափոխադրումներուն, երկկողմանի հաղորդակցութեան, զբօսաշրջութեան զարգացման, նաեւ կրթամշակութային համագործակցութեան առնչուող հարցեր: Խօսուած է նաեւ հայ-վրացական սահմանի յստակեցման գործընթացին մասին:
Հանդիպման աւարտին նախագահ Սարգսեան Միխայէլ Սահակաշվիլիին պարգեւատրած է Պատուոյ շքանշանով, որ օտարերկրեայ քաղաքացիներու յանձնուող Հայաստանի պետական բարձրագոյն պարգեւն է:
Ապա երկու նախագահները ունեցած են մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Հայաստանի նախագահը շեշտած է, թէ «Հայաստանը խիստ կարեւորում է Վրաստանի տարածքով անցնող հաղորդակցութեան ուղիները, որոնք էական նշանակութիւն ունեն մեր տնտեսութեան համար: Այս առումով մենք շահագրգռուածութիւն ենք յայտնել Վրաստանի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ ցամաքային աւտոմոբիլային անցակէտի շուտափոյթ վերագործման վերաբերեալ»:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ անդրադարձած է Վրաստանի հայ համայնքի վիճակին՝ յայտնելով, որ «Վրաստանի հայ համայնքը եղել եւ մնում է մեզ կապող ամենաամուր կամուրջը: Այս ուղղութեամբ հասկանալի է երկու կառավարութիւնների հետաքրքրուածութիւնը վրացահայ համայնքի ամրապնդման ուղղութեամբ: Մենք մասնաւորապէս ողջունում ենք Վրաստանի կառավարութեան ձեռնարկած քայլերը՝ æաւախքում սոցիալ-տնտեսական իրավիճակը մեղմելու, ենթակառուցուածքները բարելաւելու եւ նոր աշխատատեղեր ստեղծելու ուղղութեամբ: Մենք մեր կողմից պատրաստ ենք սատարելու այս գործընթացին»:
Շրջանային քաղաքական հարցերուն մասին խօսելով՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնած է, որ ինք նախագահ Սահակաշվիլիին տեղեկացուցած է «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման զարգացումների» մասին:
«Տեղեկացրել եմ նաեւ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման հեռանկարների եւ դրանց շուրջ մեր մօտեցումների մասին: Մեր մօտեցումը պարզ է. յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուեն առանց նախապայմանների: Տարածաշրջանի երկրները պէտք է գտնեն համագործակցութեան եզրեր՝ չնայած առկայ տարաձայնութիւններին», աւելցուցած է Հայաստանի նախագահը:
Միւս կողմէ, Հայ-վրացական սահմանը հատելու դժուարութիւններուն եւ յատկապէս վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեանի սահմանէն ետ վերադարձնելու գայթակղութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Վրաստանի նախագահը յայատնած է. «Ես անձամբ կը զբաղուեմ նրանով, որ հայվրացական սահմանը հատելը դառնայ է՛լ աւելի դիւրին»:
Հայկական կողմին համար ամենակարեւոր հարցերէն մէկուն՝ Վերին Լարսի անցման կէտի (ռուս-վրացական սահման) վերագործարկման առնչութեամբ, Վրաստանի նախագահը յայտարարած է, թէ վրացական կողմը պատրաստ է իր մասով բանալու ճանապարհը, եթէ Ռուսիան ալ իր մասով համաձայնի բանալ ճանապարհը:
Սահակաշվիլին նոյնիսկ պատրաստակամութիւն յայտնած է սոյն հարցին առնչութեամբ բանակցելու Ռուսիոյ հետ, ապա եւ նշած է, որ իրենք պատրաստ են ճանապարհները բանալու ոչ միայն բեռնատար, այլեւ մարդատար ինքնաշարժներու համար: