ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Եւրոպայի ատրպեճանական միութեան ջանքերով, Բրիտանիոյ խորհրդարանի շէնքին մէջ կազմակերպուած է Ղարաբաղի մօտաւորապէս 200 լուսանկարներու ցուցահանդէս մը։ Լուսանկարներուն մէջ կը տեսնուին փլատակներ, գաղթականներ, «Խոճալուի սպանդ»էն պատկեր, եւ այլն։ Ցուցահանդէսին մասնակցած է երեսփոխան Մայք Հէնքոք։
Կազմակերպիչները յայտարարած են, թէ ցուցահանդէսին նպատակն է շրջանի ողբերգութենէն տեղեակ պահել բովանդակ Եւրոպան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.