ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Յունիս 21ին աւարտած է Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած «BRIDGE ARTSAKH» տնտեսական համաժողովը, որուն կը մասնակցէին 100էն աւելի արցախցի, հայաստանեան եւ արտասահմանեան գործարարներ: Մասնակիցները վեց բաժանմունքներու մէջ կը քննարկէին առեւտուրի հետ կապուած տարբեր թեմաներ: Ձեռնարկի ծիրէն ներս, համաժողովի մասնակիցները այցելած են Ստեփանակերտի քանի մը ձեռնարկութիւններ, ինչպէս նաեւ այցելած են Շուշի եւ մասնակած «Արցախի ներգնայ զբօսաշրջութեան հեռանկարները» շնորհահանդէսին:
«Թրանսփորթային համակարգի զարգացումը՝ որպէս արդիւնաւէտ պիզնէսի նախապայման» թեմայի քննարկման ընթացքին, Ղարաբաղի երթեւեկութեան ոլորտին մէջ տիրող իրավիճակին եւ հեռանկարներուն մասին ելոյթ ունեցած է ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր արտադրական ենթակառուցուածքներու վարչութեան երթեւեկութեան բաժնի պետ Տիգրան Գաբրիէլեան:
Անոր խօսքերով, Ղարաբաղի մէջ փոխադրումներ իրականացնող 26 կազմակերպութիւններու՝ սեփականութեան իրաւունքով կը պատկանի հանրակարգային պարկի շուրջ 10-15 տոկոսը, իսկ մնացած շարժակազմը՝ վարորդ-սեփականատէրերուն:
Շեշտելով Ղարաբաղի հանրակարգային պարկի թարմացման անհրաժեշտութիւնը՝ Տ. Գաբրիէլեան տեղեկացուցած է, թէ պահանջուող քանակի եւ դասի հանրակարգերու ներկրման համար պիտի ցուցաբերուի պետական աջակցութիւն՝ արտօնեալ պայմաններով վարկերու տեսքով:
ՀՀ եւ ԼՂՀ փոխադրողներուն միջեւ համագործակցութեան մասին քննարկումներու ընթացքին, բեռնափոխադրումներ իրականացնող ընկերութիւններ ստեղծելու եւ հետագայ համագործակցութեան խթանման առաջարկներ ներկայացուցած են հայաստանցի գործընկերները:
Քննարկումներուն ժամանակ նոյնիսկ եղած է Հայաստան-Ղարաբաղ երկաթագիծ ստեղծելու առաջարկ, որուն իբրեւ պատասխան, ՀՀ երթեւեկութեան նախարար Գուրգէն Սարգսեան յայտնած է, որ այդ մասին կարելի է մտածել Իրանի հետ երկաթուղային գիծ ունենալէ ետք:
Մասնակիցները կարեւոր նկատած են նաեւ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկումը եւ օդային կապի ստեղծումը, որ ըստ իրենց, նոյնպէս պիտի խթանէ Ղարաբաղի առեւտուրի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացման:
«BRIDGE ARTSAKH» տնտեսական համաժողովի ծիրէն ներս գործնական քայլերու մասին խօսած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը: Ան նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կրնայ ուղղակի աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախի զբօսաշրջային ոլորտի զարգացման՝ ապահովելով հայաստանցի պետական ծառայողներու հանգիստի մեկնիլը ԼՂՀ, սակայն, ըստ իրեն, այդ գործին համար անհրաժեշտ է նաեւ համապատասխան պայմաններ ստեղծել: Իսկ նշուած պայմաններուն ստեղծումը, իր կարգին, նոր ներդրումներու ասպարէզ կը բանայ գործարարներուն առջեւ: «Եւ եթէ հաշուի առնենք, որ Հայաստանի բնակչութեան շուրջ 90 տոկոսը չի եղել Ղարաբաղում, ապա կարելի է պատկերացնել, թէ ի՛նչ ներուժ կայ զբօսաշրջութեան զարգացման համար», աւելցուցած է Տիգրան Սարգսեան: