ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Յունիս 20-21ին, աշխատանքային այցով մեկնած էր Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեբանակերտ: «Բրիջ Արցախ» տնտեսական համաժողովին մասնակցող պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Սարգսեան, ելեւմուտի նախարար Տիգրան Դաւթեան, տնտեսութեան նախարար Ներսէս Երիցեան, գիւղատնտեսութեան նախարար Գերասիմ Ալաւերդեան, քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեան, երթեւեկութեան եւ կապի նախարար Գուրգէն Սարգսեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:
Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուած տեղեկութեան համաձայն, Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան առանձնազրոյց մը ունեցած է ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, այնուհետեւ մասնակցած է «Բրիջ Արցախ» տնտեսական համաժողովին, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան եւ «ՄԱՍՏԵՐ» միջազգային ինտէգրացման աջակցութեան կեդրոնին միջոցով:
«Պետութիւն եւ բիզնէս. երկխօսութիւնից դէպի համագործակցութիւն» թեմայով համաժողովի օրակարգը կ՛ընդգրկէր Արցախի եւ անոր տնտեսութեան մէջ առկայ խնդիրներուն նկատմամբ հայաստանեան եւ օտարերկրեայ գործարարներուն մօտ հետաքրքրքութիւն յառաջացնելու հարցեր:
Կատարելով համաժողովին բաժումը՝ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է Սփիւռքին եւ Հայաստանին՝ տարիներ շարունակ անոնց ցուցաբերած մարդասիրական օգնութեան համար, եւ ընդգծած է, որ Ղարաբաղի բնակչութեան բարեկեցութեան հիմքը առաջին հերթին Հայաստանի հետ փոխշահաւէտ առեւտրատնտեսական կապերու խորացումն ու ընդլայնումն է:
ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր ելոյթին մէջ շեշտած է համաժողովին մեծ թիւով գործարարներու մասնակցութեան խնդիրը, որ կարեւոր ազդակ է՝ առեւտրական միջավայրի ձեւաւորման առումով: Արցախի ամենահեռանկարային ոլորտներն են գիւղատնտեսութիւնը, լեռնահանքային եւ վերամշակող արդիւնաբերութիւնը, ուժայնութիւնը, զբօսաշրջութիւնը: Սակայն կարեւոր է, որ գործարարները իրենք «բիզնէսի աչքով» տեսնեն եղած հնարաւորութիւնները եւ զարգացման հեռանկարները: ՀՀ կառավարութիւնը պէտք է ամէն ինչ ընէ, որպէսզի ԼՂՀ տնտեսութիւնը աւելի արագ զարգանայ, քան ՀՀ տնտեսութիւնը: ԼՂՀ բնակչութեան կենսամակարդակը նոյնպէս պէտք է աւելի բարձր ըլլայ, քանի որ Արցախի մէջ կը լուծուին ոչ միայն տեղի բնակչութեան, այլեւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան, Հայկական աշխարհի խնդիրները:
Երեկոյեան ՀՀ վարչապետը առանձնազրոյց ունեցած է գործընկերոջ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Այնուհետեւ ԼՂՀ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է երկու պետութիւններու կառավարութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ ընդլայնուած նիստ մը: Հանդիպման ընթացքին ՀՀ վարչապետը համառօտ ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման ընթացքը, ներկայ իրավիճակն ու ճգնաժամի հետեւանքներուն յաղթահարման ուղղուած քայլերը: Վարչապետները կարծիքներ փոխանակած են նաեւ ԼՂՀ տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման քայլերուն մասին, ընդգծելով, որ կառավարութիւններուն հիմնական նպատակն է տնտեսական աճի խթանման ուղղուած ձեռնարկներու, մասնաւորապէս՝ փոքր եւ միջին առեւտուրի զարգացման խրախուսումը:
Նիստի ընթացքին ամփոփուած են մինչ այդ տեղի ունեցած հանդիպումներուն եւ քննարկումներուն արդիւնքները, նախանշուած են համագործակցութեան յառաջիկայ ուղղութիւններն ու ծրագիրները:
Նիստէն ետք երկու կառավարութիւններուն անդամները՝ վարչապետներուն գլխաւորութեամբ, ներկայ եղած են Շարլ Ազնաւուրի անուան մշակութային կեդրոնին մէջ կազմակերպուած համերգային ծրագրին: Համաձայն ձեւաւորուած աւանդոյթի, հիւրընկալ ղարաբաղցիները հիւրերը դիմաւորած են երգ ու պարով եւ հիւրասիրութեամբ:
Յունիս 21ի երեկոյեան, ՀՀ կառավարական պատուիրակութիւնը վերադարձած է Երեւան: