ԼՈՆՏՈՆ.- Եւրոպական միութեան հարաւային Կովկասի պատուիրակ Փիթըր Սեմնեպի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Չորեքշաբթի, Յունիս 17ին յայտնեց, որ Թուրքիա Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու հարցով դիմագրաւած ներքին բուռն հակազդեցութեան պատճառով, «մարտավարական ետ դարձի քայլ» մը առած է։ Ան ըսաւ, որ թրքական կողմը «մէկ քայլ ետ առած է, սակայն ասիկա շրջադարձ մը չէ։ Կը նախատեսենք, որ խօսակցութիւնները պիտի շարունակուին»։
Սեմնեպի յոյս յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ «արկախումը» շատ երկար չտեւէ, որովհետեւ գոյութիւն ունի բանակցութեանց թափը կորսուելու վտանգը։
Ըստ «Ռոյթըրզ»ի, ան նախապէս լրագրողներու փոքր խմբակի մը յայտնած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց բնականոնացումը «Թուրքիոյ մէջ լայն եւ բուռն քննարկումի նիւթ դարձաւ։ Ինծի կը թուի, թէ այս քննարկումը մեր նախատեսածէն աւելի բուռն էր»։
Սեմնեպի նաեւ կը հաւատայ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութեանց մէջ իսկական յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի։ «Եթէ բանակցութեան գործընթացին նայիք, ապա յստակ է, թէ անիկա կ՛աշխուժանայ։ Մէկ ամսուան մէջ երկու հանդիպումներ տեղի ունեցած են եւ համեմատաբար, մօտ օրէն նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը եւս տեղի պիտի ունենայ», ըսաւ ան։
Պատասխանելով բախումի մը վտանգին մասին հարցումի մը՝ հարաւային Կովկասի Եւրոպական միութեան պատուիրակը յայտնեց, որ անմտութիւն պիտի ըլլար անտեսել զայն, սակայն ան այնպէս կը զգայ, թէ երկու կողմերն ալ կը հասկնան զինուորական լայնածաւալ ճակատումի մը հսկայական հետեւանքները։ «Վրացական պատերազմը (անցեալ տարի Ռուսիոյ հետ) զինուորական բախումի մը վտանգները ցոյց տուաւ։ Ան նաեւ երկու երկիրներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց իրենց խոցելիութեան տարողութեան վրայ», ըսաւ Սեմնեպի։