ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Զաման» թերթի յօդուածագիր Իհսան Տաղը վերջերս սկսած է հրատարակել փոքրամասնութիւնները պաշտպանող, հայոց տեղահանութեան նիւթը քննադատող յօդուածներ, որոնց մէջ կը բաբախէ յօդուածագիրին բարի կամեցողութիւնը։ Ան ստորագրած է «Ինչո՞ւ պէտք էր երկիրը մնար առանց կեավուրի» խորագրեալ յօդուածը, ուր հարցին կը նայի բոլորովին նոր տեսանկիւնէ մը։
Տաղը դիտել կու տայ, որ հայերը մաքրագործելու եւ փոքրամասնութիւնները վտարելու իթթիհատական ձեռնարկը պատճառ դարձաւ որ երկրին մէջ ստեղծուի հրէշ մը, որ հիմա, այլեւս փոքրամասնութիւն մնացած չըլլալու հետեւանքով, սկսած է ուտել ներսիններն ալ։ Տաղը յօդուածին սկիզբը շատ դիպուկ տողերով կ՛ըսէ, որ իթթիհատականներու իրաւունքը տալ պէտք է. անոնք եւ անոնց հետեւող քէմալականներն էին, որոնք երկիրը թրքացուցին։ Բազմաթիւ տարրերէ բաղկացեալ կայսրութենէ մը անոնք ստեղծեցին միատարր ազգ-պետութիւն մը։ Անոնք այս մէկը ըրին Անատոլուի հողերուն վրայ ապրող ոչ-իսլամները «վռնտել»ով, ինչպէս վարչապետը ըսաւ ամենաթեթեւ բացատրութեամբ։ Շատեր կրնան առարկութիւն չընել այս արդիւնքին դէմ։ Նոյնիսկ շատերու աչքին, իթթիհատականներու «միակ խերը» այս երկրին՝ երկիրը թրքացնելն էր։ «Շատ լաւ գիտեմ, որ բոլոր անոնք, որոնք իթթիհատականներու ամէն ըրածին դէմ են, երբ կարգը կու գայ 1915ի տեղահանութեան, յանկարծ իթթիհատական կը կտրին, առանց բացառութեան, ու կը դառնան Թալէաթ փաշային պաշտպանները», կը գրէ Տաղը ու կ՛աւելցնէ, թէ անոնք, նոյնիսկ եթէ «մաքրագործում»ի ոճը չհաւինին, անոր սկզբունքին դէմ չեն։ Ան կը գրէ, թէ կան երկու կէտեր, որոնք շատերու ուշադրութենէն կը վրիպին։ Նախ, այս «մաքրագործումը» կատարուեցաւ երկիրը պզտիկցնելու գնով։ Երկրորդ՝ ոչ իսլամները վռնտելու ընթացքին ստեղծուեցաւ նաեւ հրէշ մը, որ օր մը պիտի սկսէր ուտել մնացողները եւս։ Ոմանք կրնան աչք խփել երկիրը պզտիկցնելու արարքին՝ «պզտիկ ըլլայ, մերը ըլլայ» ըսելով։ Բայց այսօր նոյն անձերը կրնա՞ն արդեօք երկիրը պզտիկցնելու յօժարիլ, եթէ ըսուի, որ քրտական հարցին մէջ նոյնը ընենք, հարց կու տայ ան:
Գալով երկրորդ կէտին՝ ան կր գրէ. «Ո՞վ արգելք պիտի ըլլար, որ ազգաբնակչական ճարտարապետութեան մը շնորհիւ այս երկրին ոչ իսլամները վտարող ուժը իր այդ ուժը յետայսու չգործածէր ետին մնացածներուն վրայ եւս։ Ցեղային եւ կրօնական տարբերութիւնները մէջտեղէն վերցնող պետութիւնը այլեւս չէր կրնար ընտանի ըլլալ»: Ան կ՛եզրակացնէ գրելով, թէ անոնք, որոնք այս երկիրը «կեավուր» չունեցող երկրի մը վերածեցին, ատիկա ընելու ընթացքին ստեղծեցին հրէշ մը, որ այսօր այլեւս չի փոխակերպուիր ժողովրդավարութեան վրայ հիմնուած երկրի մը։