ԵՐԵՒԱՆ, «Արմ-Ռատիօ».- Բրիտանական դատարանին առջեւ կանգնած է 38 ամեայ Եովաննա Փամպաքեանը, որ կը մեղադրուի իր քրոջ՝ 22 ամեայ Եոլանտա Քոքսի, մահուան դէպքով։
«Օքսֆորտ»ի շրջանաւարտ Քոքսը մահացած էր 2007 թուականին, երբ քոյրը իրեն սրսկած էր V71 դեղը, որ նախատեսուած էր ծերութիւնը կանխարգիլելու համար, եւ պաշտօնապէս կը մշակուէր «Amro Biotech» ընկերութեան կողմէ, որուն աշխատակիցներն էին երկու քոյրերը, իսկ ընկերութեան հիմնադիրն է անոնց մայրը՝ Արփի Մաթոսեան-Ռոճըրսը։
Եոլանտայի համար ասիկա եղած էր երկրորդ կամ երրորդ ներարկումը, որուն ընթացքին ընդունած էր դեղի եռակի քանակ, եւ իբրեւ արդիւնք՝ վնասուած էր անոր ուղեղը։
Սրսկումը կատարած Եովաննայի ամուսինը՝ Հայկ Փամպաքեանը, դատարանին մէջ յայտարարած էր, թէ Քոքսի մահը գերզգայնութեան հետեւանք է, ինչ որ կրնար պատահիլ ոեւէ մարդու։ Նոր դեղամիջոցին փորձարկումը, անոր խօսքով, ձեւաւորուած եւ ընդունուած է պաշտօնապէս, իսկ Եովաննա Փամպաքեանը, բացի քրոջմէն, զայն ներարկած էր նաեւ իրեն, մօրը՝ Արփի Մաթոսեան-Ռոճըրսին եւ քաղցկեղով մահացու հիւանդի մը, որոնք բարդութիւններ չեն ունեցած։
Դատական յատուկ քննիչը Եոլանտա Քոքսի մահը որակած է իբրեւ դժբախտ պատահար։ Այնուամենայնիւ, Եովաննա Փամպաքեանի ներկայիս արգիլուած է դեղորայք գրելը։