Նախկին հայաստանցի, ներկայիս շուէտաբնակ պալէ պարող Աւետիք Կարապետեան վերջերս մասնակցեցաւ Հելսինքիի մէջ կայացած պալէի միջազգային մրցումի մը եւ երկրորդ հանդիսացաւ եզրափակիչ փուլ հասած 29 պարողներու միջեւ։ Իրեն յանձնուեցաւ դրամական մրցանակ մը՝ 6000 եուրոյի արժողութեամբ։
Աւետիք Կարապետեան ծնած է 1985ին, Երեւան։ Ան ութ տարի ուսած է Հայաստանի պարարուեստի դպրոցէն ներս, իսկ ներկայիս կը բնակի Շուէտ։
Այրերու դասաւորման մէջ գլխաւոր մրցանակին արժանացած է չինացի 21ամեայ պարող Խիաօյու Խէն։ Մրցանակ ստացած է նաեւ մրցումի երկրորդ հայ մասնակից Արման Զազէյեանի պարուսոյցը՝ Մարքօ Կէօքը։ Հելսինքիի միջազգային այս մրցումը կը կազմակերպուի 1984էն ի վեր։ Այս տարի անոր կը մասնակցէին 40 երկիրներէ աւելի քան 100 պարողներ եւ անոնցմէ միայն 29 հոգին եզրափակիչ փուլ հասած էր։