ՍԱՆԹԱ ԱՆԱ.- ՀՕՄի Օրէնճ Քաունթիի «Սեւան» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանի 2008-2009 տարեշրջանի աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունիս 7ին, «Ղուկասեան» սրահին մէջ:
Հանդէսին ընթացքին բաժնուեցան աւարտած աշակերտներուն վկայականները եւ փայլուն աշակերտներու մրցանակներ, իսկ հանդէսին մասնակցեցաւ վարժարանի 94 աշակերտներէն 85ը: Նաեւ, աշակերտներէն մէկը այս տարուան ՀԵԴի ամառնային ճամբարին մէկ շաբաթ մասնակցելու մրցանակ մը ստացաւ, իսկ վարժարանին 20 տարիներու տնօրէնուհին՝ Գոհար Զահէրը, պատուըւեցաւ:
Սրահը լեցուն էր աշակերտներու ընտանեկան պարագաներով եւ բարեկամներով, իսկ բեմը զարդարուած էր Հայաստանի գիւղական պատկեր մը ներկայացնող Մարտիրոս Սարեանի մէկ ստեղծագործութեան կրկնօրինակով, որ կատարուած էր վարժարանի ծնողներէն մէկուն՝ Տէպի Ֆերմանեանի կողմէ:
Աշակերտները կարգով, Մանկապարտէզէն մինչեւ վեցերորդ դասարան, ներկայացուցին բանաստեղծութիւններ, երգեր ու պարեր, իսկ աւարտական դասարանը ներկայացուց թատերգութիւն մը եւ իրենց պատրաստած տեսաերիզը, որ խմբագրուած էր այլ ծնողքի մը՝ Կիրօ Տօնապետեանի կողմէ:
Տնօրէնուհի Գոհար Զահէր, խօսք առնելով՝ դրուատեց միշտ վարժարանին նեցուկ կանգնող նուիրատուները, ծնողները եւ ՀՕՄի անդամները, որոնց անսակարկ նուիրումով կանգուն կը մնայ այս վարժարանը:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՕՄի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Ռիթա Հինդլեան, որ շեշտեց, թէ հայերէն ու հայոց պատմութիւն սորվեցնելու կողքին, վարժարանը նաեւ համայնքին ապագայի գործունեայ անդամները կը պատրաստէ: Ան դրուատեց յատկապէս տնօրէնուհի Գոհար Զահէրը, որ 20 տարի առաջ այս վարժարանին ղեկը ստանձնելով՝ հայեցի դաստիարակութեան առիթ մը ընծայած էր շրջանի երեխաներուն:
Ապա, ՀՕՄի «Սեւան» մասնաճիւղի վարչութեան փոխատենապետուհի Անահիտ Բուլուճեան վարչութեան կողմէ յատուկ յուշատախտակ մը նուիրեց տնօրէնուհիին՝ անոր 20 տարիներու սպասարկութեան համար:
Հանդէսը փակուեցաւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ քհնյ. Երէցեանի խօսքով եւ «Պահպանի»չով:
Յայտնենք, թէ հանդէսին պաշտօնական բացումէն առաջ, ներկաները առիթը ունեցան դիտելու աշակերտներուն լուսանկարները, որոնք խտասալիկի մը վրայ մէկտեղուած էին: