ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Յետադիմութեան դէմ պայքար»ի գործողութիւն կոչուած դաւադրական ծրագիրը կը շարունակէ գրաւել Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգի առաջին տեղը։ Այս խնդիրը «Էրկէնէքոն»ի դատավարութեան չափ բարձր աղմուկ բարձրացուցած է եւ եթէ կային մարդիկ, որոնք «Էրկէնէքոն»ը պաշտպանելու քաջութիւն ցոյց կու տային, այս անգամ ոչ մէկը քաջութիւն ունի պաշտպանելու նմանօրինակ դաւադրական ծրագիր մը։ Ամբողջ հարցը այն է, թէ որքա՞ն իրական է գտնուած այդ փաստաթուղթը, որ կը միտի կառավարութիւնը տապալել:
Վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Յունիս 16ին երկարատեւ հանդիպում մը ունեցաւ սպայակոյտի նախագահ զօր. Իլքէր Պաշպուղի հետ։ Վարչապետը այդ հանդիպումէն անմիջապէս ետք ելոյթ մը ունեցաւ իր կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի նիստին ընթացքին։ Վարչապետ Էրտողան անդրդուելի մնաց ու կրկնեց, որ այս խնդիրին «օձիքը պիտի չձգէ», եւ թէ ասիկա միայն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հարցը չէ, այլ ամբողջ երկրին հարցն է: Ան ըսաւ, թէ ոչ ոք կրնայ ընդդիմանալ երկրի սահմանադրական կարգավիճակին, ժողովրդավարական համակարգին, իսկ եթէ դէմ գայ, ապա իր դիմաց պէտք է գտնէ ամբողջ երկրին հակազդեցութիւնը։
«Ժողովրդավար կարգերու մէջ, միայն ժողովուրդն է որ իշխանութիւնները գործի գլուխ կը բերէ կամ հոնկէ կը հեռացնէ: Անցեալին, ժողովրդական կամքին դէմ կատարուած ամէն միջամտութիւն վնաս պատճառեց Թուրքիոյ», պնդեց ան: Ան նաեւ գովեց սպայակոյտի նախագահութիւնը ու ըսաւ, որ այս լուրին հրատարակութենէն ետք սպայակոյտը «պատասխանատու ու զգայուն կեցուածք ցուցաբերեց». ան իր դատախազութեան հրահանգեց, որ ժամ առաջ երեւան հանուի, թէ՝ այս փաստաթուղթը իրակա՞ն է, թէ կեղծ