Յունիս 7ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, մեծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան իւրայատուկ պատարագի արարողութեան մը, զոր մատուցեց Իրաքի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան։ Ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան թեմի նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան եւ Գեղամ Ծ. վարդապետ Զաքարեան։ Խորանի սպասարկութեան կը մասնակցէր Միքայէլ քհնյ. Կիւրեղեան:
Սրբազանը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի՝ զինք հիւրընկալած ըլլալուն համար, ապա տուաւ իր քարոզը՝ հայերէնով եւ անգլերէնով:
Ս. պատարաքի աւարտին հաւատացեալները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ «Եկաւեան» սրահ, ուր եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդը հիւրասիրութիւն մը պատրաստած էր՝ ի պատիւ սրբազան հօր: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանի կարգ մը աշակերտներ փոքրիկ յայտագիր մը ներկայացուցին եւ ապա սրբազան հայրը տեղեկութիւններ փոխանցեց իրաքահայ գաղութի ներկայ վիճակին մասին։
ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԱՅՐԸ
Մայիս 20ը անմոռանալի օր մըն էր Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Ճոն Մէմարեանի համար, որ այդ օրը արժանացաւ «Տարուան մայրը» պատիւին։ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ երկար տարիներու անոր նուիրումը գնահատելու եկած էին մեծ թիւով ծանօթներ: Սարգիս քհնյ. Պետոյեան օրհնեց Մէմարեանը եւ անոր նուիրեալ աշխատանքները, ապա տեղի ունեցաւ նորաձեւութեան ցուցահանդէս մը ու գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Մէմարեանի դուստրերը ներկայացուցին իրենց մօր կենսագրականը, մանաւանդ անոր նուիրումը եկեղեցւոյ։ Օժտուած ըլլալով սքանչելի ձայնով՝ ան իր փոքր հասակէն մեներգած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ձեռնարկներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ 20 տարի մեներգած է Ուէսթինսթըրի եկեղեցիին մէջ։ Անոր երաժշտական ձիրքը կը ձոլար ամէնուրեք, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին։
Ապա, Արաքսի Պոյեամեան, Տիկնանց օժանդակ մարմնի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ Մէմարեանը պատուեց կրօնական յուշամատեանով մը։
Ձեռնարկին ընթացքին նաեւ նուիրատուութիւններ կատարուեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին:
ՍՐԱՀԻՆ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆԸ
ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ՊԻՏԻ ԱՒԱՐՏԻ
Եկեղեցւոյ սրահին (նախկին «Աղաճանեան» սրահ) նորոգութեան յանձնախումբը գործի լծուած է սրահի վերանորոգելու ու բարեզարդման աշխատանքներ իրականացնելու, որպէսզի սրահը Օգոստոս ամսուն ընթացքին պատրաստ ըլլայ ծառայելու հայ գաղութի ձեռնարկներուն։
Սրահը վայր մը եղած է սքանչելի ձեռնարկներու. նախորդ հինգ տարիներու ընթացքին սրահը գործածուած էր եկեղեցական արարողութեան համար, մինչ նորակառոյց եկեղեցին կը կառուցուէր:
Յանձնախումբի պատասխանատու Ֆլորա Տունայեան կ՛ըսէ. «Յանձնախումբը յոյսով է, որ նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից սրահը անգամ մը եւս պիտի ըլլայ իւրայատուկ ձեռնարկներու վայր մը»:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց կամ սրահը ապահովելու համար, դիմել եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ (626) 449-1523 թիւով։