ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Day.az» լրատու գործակալութիւնը Չորեքշաբթի, Յունիս 17ին հրապարակած է Վրաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Փաաթա Տաւիթայայի հետ հարցազրոյց մը, ուր փոխնախագահը կը պնդէ, թէ Վրաստանի իշխանութիւնները պիտի քննեն æաւախքի հայութեան ներկայացուցած զոյգ քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումը, որովհետեւ վրացական օրէնքներուն մէջ նման դրութիւն մը գոյութիւն չունի:
Ան նաեւ կը վստահեցնէ, թէ Հայաստան միջամուխ պիտի չըլլայ Վրաստանի ներքին հարցերուն, ինչպէս, որ Վրաստան միջամուխ չըլլար Հայաստանի ներքին հարցերուն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ æաւախքի մէջ «երկրորդ Արցախ»ի երեւոյթը հաւանակա՞ն է, նկատի ունենալով, որ Արցախի հայութիւնը եւս իրենց շարժումը սկսած էին «ընկերաքաղաքական» վատթարացող վիճակին դէմ բողոքելով, ինչպէս որ ներկայիս կը կատարեն Ջաւախքի հայութիւնը՝ Տաւիթայա կը յայտնէ, թէ կացութիւնը տարբեր է æաւախքի մէջ, պնդելով, որ վիճակը կայուն է ու վրացական իշխանութեանց հակակշռին տակ կը մնայ:
Ան նաեւ հաւանական կը համարէ այն իրողութիւնը, որ æաւախքի մէջ «անջատողական զգացումները» կը հրահրուին Հայաստանի կամ Ռուսիոյ իշխանութեանց կողմէ: