ՊՈԼԻՍ.- Երէկ «Հիւրրիյէթ»էն հրատարակած էինք լուր մը, ըստ որուն Թուրքիոյ կառավարութիւնը արտօնութիւն տուած է, որ Թուրքիոյ հայ համայնքը «աթոռակից պատրիարք» մը ընտրէ՝ հիւանդ վիճակի մէջ գտնուող Մեսրոպ պատրիարքին կողքին։
Այս կապակցութեամբ, «Մարմարա» Մեսրոպ պատրիարքի օգնականներ Շահան ու Արամ սրբազաններուն հետ խօսած է եւ տեղեկացած, թէ ցարդ պատրիարքարանի կողմէ նմանօրինակ դիմում մը չէ կատարուած։ «Եթէ պատրիարքարանին կողմէ որեւէ դիմում չէ կատարուած, ի՞նչպէս կը պատահի որ կառավարութիւնը նմանօրինակ որոշում մը ընդունի։ Տրամաբանական կ՛ըլլայ մտածել, որ եթէ պատրիարքարանին կողմէ Անգարային դիմում չէ կատարուած, ուրեմն հրատարակուած լուրն ալ կրնայ անհիմն ըլլալ», կը գրէ թերթը՝ միաժամանակ աւելցնելով, թէ Կրօնական ժողովը կամ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդութիւնը այլեւս պէտք է մտածեն պատրիարքական նոր ընտրութեան մը մասին, որովհետեւ համայնքը «կամաց-կամաց կը կազմալուծուի «անգլուխ» մնացած ըլլալու հետեւանքով»։
Իր կարգին, «Ազգ» կապուած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի խմբագրապետ Արա Քոչունեանի հետ, որ յայտնած է, թէ «աթոռակից պատրիարք»ի մը ընտրութեան լուրը «անակնկալ էր», որուն հետեւանքով, ինք եւս դիմած է պատրիարքարան, ուրկէ նոյն պատասխանը ստացած է:
Քոչունեանի համաձայն, «Համայնքը քիչ թէ շատ հաշտուած է աթոռակից մը ընտրելու գաղափարին հետ: