ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- «Բարեփոխում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Կարինէ Յակոբեան, Յունիս 17ին լրագրողներուն յայտնած է իր կարծիքը՝ խաղատուներու հետ կապուած կառավարութեան որոշումին մասին, ըսելով. «Եթէ մենք ցանկանում ենք լինել մշակութային երկիր, ապա սա կործանարար ճանապարհ է»:
Յիշեցնենք, որ կառավարութիւնը մշակած է նախագիծ մը, ըստ որուն, 2013 թուականէն սկսեալ խաղատուները պիտի գործեն զբօսաշրջութեան երեք քաղաքներու՝ Սեւանի, æերմուկի եւ Ծաղկաձորի մէջ:
Այս մասին, Յունիս 11ին վարչապետը յայտարարած էր՝ ըսելով. «Սա է մեր սկզբունքային դիրքորոշումը, հանրապետութեան նախագահի դիրքորոշումը. 2013ից խաղատներ չպէտք է լինեն երկրի կենտրոնական մասում եւ Երեւանի շրջակայքում»:
Ըստ Կարինէ Յակոբեանի, եթէ իրականութիւն դառնայ շահումով խաղատուները Ծաղկաձոր, Սեւան, æերմուկ տեղափոխելու կառավարութեան ծրագիրը, ապա կը դրուի փոքր քաղաքներու ապականման սկիզբը. «Դրանք պէտք է կառուցել առանձնացուած տարածքներում, ցանկալի է՝ ամայի: Որեւէ տեղ բնութիւնը չեն փճացնում քազինօ կառուցելու համար»:
Ելեւմուտի նախարարութեան ելեւմտական շուկայի զարգացման վարչութեան պետ Կարէն Թամազեանի կարծիքով, սոյն որոշումին նպատակն է՝ մարդոց չշահագրգռել խաղամոլութեամբ, որուն համար մարդիկ այնտեղ պէտք է ծրագրաւորուած հասնին: