ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Մարի Եովանովիչ, անդրադառնալով «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ընկերակցութեան որոշումին, ըստ որուն կը դադրի Հայաստանի ճանապարհային ծրագրի նիւթական օժանդակութիւնը՝ «Մետիամաքս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, որ եթէ Հայաստանի ժողովրդավարական կառավարման բարելաւում նկատուի, ապա անոնք աշխուժութեամբ կը համագործակցին Հայաստանի կառավարութեան ու ԱՄՆ Քոնկրէսի հետ՝ լրացուցիչ նիւթական ապահովման միջոցներ փնտռելու համար:
Ըստ դեսպանին, ընկերութեան որոշումը հետեւանք էր որոշ ցուցանիշներ բարելաւելու ուղղութեամբ՝ Հայաստանի կառավարութեան անընդունակութեան:
Ան ըսած է, որ ոռոգման համակարգի բարելաւման եւ ագառակապաններու ուսուցման ծրագիրները կը շարունակուին: Դեսպանը նաեւ թուարկած է այն ծրագիրները, որոնց նիւթականը ապահոված է ամերիկեան կառավարութիւնը՝ Հայաստանի մէջ գիւղական աղքատութիւնը յաղթահարելու համար: