«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՐԿՈՒՆՔԷՆ ԾՆԱՒ ՄԱՅԻՍԵԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»
Մայիսեան Խանդավառութիւն Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանէն Ներս
Ազգային շունչով, հայրենասիրական ապրումներով, աշակերտական երգ ու պարով, ցնծութեամբ եւ հպարտութեամբ, Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանը Մայիս 27, 2009ին եւ Յունիսի առաջին Հինգշաբթի օրը տօնեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 91րդ տարեդարձը: 1918ին կերտուած ազատ եւ անկախ հայրենիքի առաջին փորձառութիւնը շատ բան փոխանցած է մեզի: Սերունդներու դաստիարակութեան ամուր կռուան մըն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութիւնը:
600 տարիներու երկար ստրկութենէ ազատելու առաջին առիթն էր անիկա հայուն համար:
Վճռակամօրէն եւ գործնականօրէն Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ Շերեփ»ի գործադրութեան ժամն էր: Հոն, ուր խօսքը իր զօրութիւնը կորսնցուցած էր, արդար բազուկին գործը հրաշքներ գործելու հրամայականին տակ դրուած էր:
Այսպէս հաւատացած եւ գոյատեւած ենք մինչեւ այսօր: Մեր սերունդներն ալ կը դաստիարակենք այս համոզումով եւ հաւատքով:
Խանդավառ եւ ուրախ տօնակատարութեան մթնոլորտի մէջ էր մեր վարժարանը Մայիս 27ի կէսօրէ ետք: Երգով ու երաժշտութեամբ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուած էր շրջափակէն ներս: Աշակերտները ունկնդրեցին ու երգեցին ազգային հայրենասիրական երգեր եւ ապրեցան Մայիսեան յաղթանակի պահեր: Ապա յաջորդ Հինգշաբթի, Յունիս 4ին, փառատօնի օրն էր «Փիլիպոս»ին համար: Դպրոցին շրջափակը լեցուած էր Աշակերտական խորհուրդի կայտառ եւ աշխատասէր աշակերտներով, որոնք ամենայն խանդավառութեամբ եւ աշխուժութեամբ կը փորձէին իրենց կարելին ընել՝ գեղեցիկ եւ շքեղ տօնախմբութիւն մը յաջողցնելու համար:
Մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ կարգի աշակերտները անհամբերութեամբ կը սպասէին տօնակատարութեան ժամերուն: Իւրաքանչիւր կարգ դասարանէն ներս ծանօթացած եւ սորված էր Անկախութեան մասին: Նոյնիսկ իրենց ձեռային աշխատանքները, ներկայացումներն ու պատի թերթերը կը խօսէին Անկախութեան թեման:
Մանկապարտէզի եւ առաջին երկու կարգերու աշակերտները ծանօթացած էին հայկական դրօշին, ֆետայիներուն, կամաւորներուն եւ ընդհանուր գիծերու մէջ՝ Մայիս 28 կերտող բոլոր մասնիկներուն: Ժամը հասած էր վայելելու եւ տօնելու այդ օրը իր ամբողջականութեան մէջ:
Շրջափակը լեցուած էր հայկական երգով ու պարով, խաղերով եւ հայկական համադամ ճաշերով: Աշակերտները բաւական խաղալէ, զուարճանալէ եւ ուտելէ ետք, մէկտեղուեցան մարզասրահին առջեւ եւ գեղարուեստական յայտագիր մը ըմբոշխնեցին: Աշակերտները սկսան հայկական ազգային հայրենասիրական երգերով: Երգերը կատարեցին նախակրթարանի աշակերտները՝ Լուսինէ Գալստեանի ղեկավարութեամբ եւ Արմէնուհի Աբրահամեանի դաշնամուրի վրայ ընկերակցութեամբ: Երգչախումբը կատարեց Հայաստանի հանրապետութեան քայլերգը եւ ազգային հայրենասիրական քանի մը երգեր:
Աշակերտական պարախումբեր կազմուած էին եւ յատուկ պարեր պատրաստուած այս տօնակատարութիւնը ճոխացնելու նպատակով: Գ.-Ե.-Զ.-Ը. եւ Թ. կարգերու աշակերտները իրենց նախաձեռնութեամբ եւ պատրաստութեամբ ելոյթ ունեցան՝ խանդավառելով ազգային մեր փառատօնը:
Ժ. կարգի աշակերտուհիներէն Հուրի Մինոյեան իր գեղեցիկ ձայնով ու մեկնաբանութեամբ կատարեց ազգային յեղափոխական երգ մը՝ արժանանալով բոլորին գնահատանքին եւ ծափողջոյններուն: Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ հայկական երգով ու երաժշտութեամբ, նաեւ հայկական համադամ ճաշերով:
Մայիս 28, 1918ին Հայաստանի Անկախ Հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ Ապրիլ 24, 1915էն միայն երեք տարի ետք: Արդեօ՞ք պէտք չէ խորդհուրդ մը փնտռել անոր մէջ: Պատմական ահեղ ցնցում մը, տագնապալի արհաւիրք մը, որուն զոհը դարձաւ ազգ մը: Նոյն ազգի զաւակները, երեք տարին նոր բոլորած, հրաշափառ Յարութիւն մը կերտեցին ու ականատես դարձան եւ դարձուցին ամբողջ ազգ մը ու հետագայ սերունդներ, ազգային բարձր գիտակցութեան խթանը հանդիսացող սխրագործութեան մը: Մայիս 28ը եզակի էր իր տեսակով, ժամանակով ու հոլովոյթով: Թափառական դարձած հայու մնացորդ բեկորներուն ապագայով երդուած հայ մարտիկներու արդար բազուկը հարուածեց թշնամին ու կերտեց իր ազատ կեանքի հիմնական գրաւականը՝ Ազատ, Անկախ Հայաստանը:
Զանազան ազգերու պատմութեան նման, Հայ ազգի պատմութիւնն ալ միայն սխրագործութիւններով չէ քանդակուած: Տակաւին իրապաշտ ըլլալու համար, քիչ յաղթանակներ ու յաջողութիւններ ծաղկեցուցած են երբեմնի մռայլ էջերը: Սակայն ինչպէս հեղինակի մը միայն մէկ շքեղ գործն անգամ կրնայ զինք անմահ դարձնել, այնպէս ալ մեր ազգային պատմութեան այս մէկ էջն անգամ, ազգ կոչումը արժեւորելու կը ծառայէ: Դաստիարակելու եւ հպարտանալու առիթ կու տայ մեզի: Կեանքով ու շունչով կը լեցնէ երբեմնի մեր յոգնած ու ծանրաբեռնուած ազգային ոգին:
Նաեւ կը հաւատանք, թէ 1918-1920 տարիներու փորձառութիւնը ամուր խարիսխ մը դարձաւ 70 տարիներ ետք վերընձիւղուած Հայաստանին: