ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Վճռաբեկ դատարանի մամլոյ քարտուղարը տեղեկացուցած է, թէ Մայիս 31ին կատարուած Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու ծիրէն ներս, Յունիս 16ին, Երեւան քաղաքի Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը կայացուցած է իր դատավճիռը: Նորիկ Եղիազարեան եւ Արմէն Օհանեան ճանչցուած են իբրեւ մեղաւոր՝ ընտրութիւններու կամ քուէարկութեան արդիւնքներ կեղծելու յանցանքով, եւ իւրաքանչիւրը դատապարտուած է երեք տարուան բանտարկութեան:
Յիշեցնենք, որ համաձայն մեղադրական եզրակացութեան, Ն. Եղիազարեան եւ Ա. Օհանեան, հանդիսանալով Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու ընթացքին թիւ 8 ընտրատարածքի 5րդ տեղամասային ընտրական յանձնաժողովի անդամներ, 16 ընտրողներու կողմէ քուէաթերթիկները քուէատուփերուն մէջ անձամբ չլեցնելու հանգամանքէն օգտուելով՝ քուէաթերթիկները պատճէնահանած եւ քուէարկած են Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան օգտին: