ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Կրթական ծրագրի կեդրոնէն Նունէ Ոսկանեան կը տեղեկացնէ, թէ Սեպտեմբերին, Հայաստանի մարզերուն մէջ 150 տարբեր դպրոցներու պիտի տրամադրուի երեք անվճար համակարգիչ:
Կեդրոնին կողմէ նախատեսուած է աջակցութիւն միայն մարզերու անապահով դպրոցներուն, որովհետեւ Երեւանի կրթօճախները միջոցներ կը գտնեն համակարգիչներ ձեռք բերելու համար: Դպրոցներուն ընտրութիւնը կատարելու ժամանակ, հաշուի առնուած է նաեւ գիտարուեստի յագեցուածութիւնը եւ աշակերտներուն թիւը: Սոյն աշխատանքները պիտի իրականացուին «Կրթական տեխնոլոգիաների ազգային կեդրոն»ի աջակցութեամբ:
Նշենք, որ Կրթական ծրագիրի կեդրոնը, «Կրթութեան որակ եւ համապատասխանութիւն» վարկային ծրագրին ծիրէն ներս, արդէն մատչելի գիներով համակարգիչներ տրամադրած է Հայաստանի շարք մը դպրոցներու: