ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Յիսուն տարուան բարեկամութիւն մը մեզ իրարու կ՛օղակէր՝ յագեցած գրական, մշակութային, ազգային հասարակական գործունէութեամբ։ Անոր մահուան գոյժը անակնկալի չբերաւ մեզ գուցէ անոր համար, որ քանի մը շաբաթէ ի վեր, զինք զգետնած մահացու կաթուածի մը շշմեցնող լուրը կը շրջէր բարեկամական ու մտաւորական շրջանակներու մէջ, եւ ամէնէն ցաւալին՝ բժիշկները թոյլ չէին տար, որ անոր բարեկամներն ու գրչեղբայրները իրենց յարգանքի ու սիրոյ տուրքը մատուցանէին հիւանդանոցը զգայազուրկ պառկած իրենց ընկերոջ։ Այստեղ Ամերիկա է, ուր օրէնքի անունով բանականութենէ դուրս բաներ կրնան պատահիլ։
Սաղրեանին եւ մտաւորական իր ընկերներուն հանդիպեցայ շուրջ հինգ տասնամեակներ առաջ, Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագրատան գուլիսներուն մէջ, երբ Օննիկ Ինճէյեանը, Պիքֆայա տանող օթօպիւսին մէջ զիս «յայտնաբերելէ» ետք, Սփիւռքի շրջանակին կը ծանօթացնէր։ Այդ շրջանին Սաղրեան, տոքթ. Քէշիշեան, արձակագիր Գէորգ Աճէմեան, գրող ճարտարապետ Եդուարդ Պարսումեան եւ շարք մը երիտասարդ մտաւորական ուժեր մաս կը կազմէին «Սփիւռք»ի խմբագրական կազմին։ Իսկ Երուանդ Գոչունեան, Վեհանուշ Թէքէեան, Խոսրով Ասոյեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Յարութիւն Պէրպէրեան ու շատ մը խոստմնալից պատանիներ «Սփիւռք Գարունականներ»ու խմբակը կը կազմէին:
«Սփիւռք»ի շուրջ համահայկական ոգին տիրական էր. տարբեր դաւանանքի ու գաղափարականութեան պատկանող մտաւորական գրողներ գրկաբաց կ՛ընդունուէին քրմապետ-խմբագրապետ Սիմոնեանի կողմէ։
Ժամանակին, «Ասպարէզ»ի մէջ համապարփակ ձեւով գրած եմ «Սփիւռք»ի շուրջ տիրող մթնոլորտին, Սիմոնեան մարդու ու մտաւորականին մասին։ Տարիներ վերջ, խմբագրական կազմին անդամները, իրենց կարգին հասուննալով, թերթերու հրատարակիչ ու խմբագիր դարձան, սակայն անոնք հաւատարիմ մնացին սիմոնեանական համահայկական գաղափարաբանութեան։
Հանգուցեալ Սաղրեանի պարագային, ի պատիւ իրեն, անիկա իր խմբագրականներու եւ ազգային քաղաքական հարցերու վերլուծութիւններուն խորքը պահեց այդ ոգին ու յանձնառու չեղաւ ծայրայեղ, եղբայրատեաց գաղափարներու։
Այս պահուս դժուար փորձը պիտի կատարեմ տոքթ. Սաղրեանի գործունէութիւնը սահմանելու, քանի որ հանգուցեալը որքա՛ն գունագեղ անհատականութիւն մըն էր, նոյնքան նաեւ՝ վերածննդեան բազմակողմանի շնորհներով օժտուած տաղանդաւոր անհատ մը։ Գրո՛ղ, փիլիսոփա՛յ, հրապարակագի՛ր, բեմական շնորհներով օժտուած դերասա՛ն, կուսակցական ղեկավա՛ր, հայ մշակոյթի նուիրեալ եւ մարդասէր բժիշկ, որ յաճախ զրկեալները կը բուժէր ձրիօրէն։ Այո՛, մարդ անելի կը մատնուի Սաղրեանի նման մտաւորական մը սահմանելու իր ազնիւ ճիգերուն մէջ։
Մշակոյթի հանդէպ անոր սահմանազանց սէրը վարակիչ էր։ Յաւիտենական լաւատես մը, որ խօսքէն աւելի գործի կը հաւատար։ Երբ ութսունական թուականներուն հայ կաթողիկէ Մխիթարեան ակումբին կից, «Դանիէլ Վարուժան» մշակութային միութիւնը կը ծաղկէր, Սաղրեան սիրով ընդառաջեց գալու եւ թատերախումբը ճոխացնելու մեր հրաւէրին։ Նոյն յօժարակամ կեցուածքը ցոյց տուաւ ան, երբ խումբ մը գրող մտաւորականներ, որոնց շարքին Վահէ Օշական, Եդուարդ Պարսումեան, Վահրամ Հաճեան, Երուանդ Գոչունեան եւ կարգ մը այլ երիտասարդ գրողներ, Հրանդ Սիմոնեանի տունը հաւաքուեցանք՝ «Գրական Շրջանակ»ը կազմելու: Սաղրեան, խանդավառ ու պատրաստակամ, մաս կը կազմէր կազմակերպչական մեր ճիգերուն։ Եւ ամէնէն գեղեցիկ երեւոյթը այն էր, որ մէկը միւսին կուսակցական հակումները մատի փաթթոց չէր դարձներ։
Նոյ՛ն ոգին ցոյց տուաւ Սաղրեան, երբ երեք տասնամեակ առաջ, Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ հրաւիրուեցաւ «Մասիս» շաբաթաթերթը խմբագրելու։ Առաջին օրէն իսկ, թերթին էջերը լայն բացաւ բոլորիս առջեւ, առանց գաղափարական մեր հակումները հաւատաքննութեան ենթարկելու։ Երկուքս ալ սիմոնեանական համահայկականութեամբ ջրդեղուած նուիրեալներ էինք։ Շատերուն խորշանք կը պատճառէ այն կուսակցականը, որ իր դաւանած մոլեռանդ ու ծայրայեղ գաղափարաբանութեան կը զոհէ հայկական բիւրեղ իր հոգին։ Բարեբախտաբար, Սաղրեանի նման հայրենասէր մտաւորականներ կը գործեն քաղաքական մեր բոլոր կազմակերպութիւններէն ներս, սակայն յաճախ ծայրայեղականները կը յայտնուին հեռատեսիլի պաստառէն՝ արդէն իսկ արուեստականօրէն կոտորակուած սա ժողովուրդը աւելի եւս բեւեռացնելու։
Ուրիշ ապացոյց մը՝ Սաղրեանի վայելած համահայկական սիրոյն ու համակրանքին, երբ Հայաստանի նախկին հիւպատոս՝ Վալէրի Նկրտումեան, գաղութիս ակնառու մտաւորական գրողները ժողովի հրաւիրեց, որպէսզի համահայկական ոգիով ձեռնարկենք գրողներու նոր միութեան մը կազմութեան։ Ընտրութիւններէն ետք, վարչութեան երկու դաշնակցական անդամները՝ Արմէն Տօնոյեանն ու այս գրողը, իբրեւ նախագահութեան թեկնածու, մեր քուէները տուինք տոքթ. Սաղրեանին, հակառակ անոր, որ անիկա գեղարուեստական գրող չէր եւ Հնչակեան կուսակցութեան կը պատկանէր։ Արմէնին եւ իմ որոշումը, մեր բժիշկ ընկերոջ համահայկական ոգիէն ու կազմակերպչական կարողութենէն թելադրուած էր։
Յարութիւն Սաղրեան զտարիւն մտաւորական մըն էր ամէն բանէ առաջ։ Աշխոյժ, լաւատես, գործունեայ ու հաւատաւոր հայ մշակութային գործիչ։ Արդար ըլլալու համար, մեր բժիշկ բարեկամը բախտաւոր էր իրեն կողակից ունենալով Ատրինէի նման մտաւորական ըմտանիքի մը դուստրը։ Անոնց զաւակները նոյնքան բախտաւոր էին այդպիսի մթնոլորտի մէջ հասակ նետելով։ Երեւոյթ մը, որուն մասին յաճախ Յարութիւն Սաղրեանը կը քաշկռտէի՝ ըսելով, թէ բուն փիլիսոփան ու մտաւորականը Ատրինէն է…
Անմոռանալի պիտի մնան Հրանդ եւ Մանուշ Սիմոնեաններուն, Սաղրեաններուն եւ մեր յարկին տակ ունեցած գրական երեկոները։
Պիտի կարօտինք նաեւ այդ հաւաքոյթները իր ասմունքներով ու զուարճախօսութիւններով ճոխացնող տոքթ. Արթին Սաղրեանին։
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ բժիշկ։