ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
«Գուսանատիպ երգեցողութեան մեծ վարպետ մըն է Լ. Գաթըրճեան եւ համեստ բայց վաւերական դպրոց մը այդ ուղղութեամբ»։ Ասոնք եզրափակիչ տողերն են Լեւոնին 2002ի Կլէնտէյլի համերգին առիթով գրուած մեր յօդուածին։ Այս եզրակացութիւնը փաստող շատ դէպքեր կան աւելի քան 400 աշուղական երգերու հեղինակ, անխտիր բոլորին կողմէ սիրուած, միշտ երիտասարդ ու քաջարի Գաթըրճեանի կեանքէն ներս։ Չեմ ուզեր խօսիլ իր ստացած շքանշաններուն եւ անհամար հրաւէրներուն մասին՝ աշխարհի բոլոր հայաբնակ գաղութներէն. դէպքը, որուն կ՛ուզեմ ակնարկել հետեւեալն է.
Անցեալ Փետրուարի 22ին, Կլէնտէյլի մէջ տեղի կ՛ունենար հայրենի աշուղական դպրոցի ներկայացուցիչ Թ. Պօղոսեանի առաջին ելոյթը։ Համերգի ընթացքին Աշուղ ջիւանիի ազգային դպրոցի հիմնադիր Թովմաս Պօղոսեան յառաջացաւ դէպի ունկնդիրները եւ պաշտօնապէս յայտարարեց Լեւոն Գաթըրճեանի (եւ Ներսիկ Իսբիրեանի) ձեռնադրութիւնը իբրեւ Աշուղ, Երեւանի մէջ, յառաջիկայ Սեպտեմբերին։ Ահա դէպքը որ, բոլոր ծաղկեփունջերէ եւ ծափողջիւններէ աւելի, նուիրագործումն է այսքան տարիներու յարատեւ վերելքին ու Լեւոնի կոչումին։ Ահա նախաձեռնութիւն մը, որ օրինակելի կրնայ դառնալ այնքա՜ն բաղձալի Հայաստան-Սփիւռք մշակութային (եւ ոչ միայն մշակութային) փոխյարաբերութեանց ծիրէն ներս։
Գաթըրճեան թեթեւամիտ, «այդ ե՛ս եմ»ի խնկարկու, միամակարդակ, արհամարհելի երգիչներէն չէ, քաւ լիցի։ Ան 3-4 տարի առաջ կը պատգամէր՝ «Մինչեւ այն ատեն, որ Արեւմտեան Հայաստանը ազատագրուած չէ, ես իմ նպատակիս չեմ հասած». թերեւս զգաց որ դիւանագիտական ինչ-ինչ խաղեր պէտք է խաղալ այդ երազին հասնելու համար (իսկ առաջին դիւանագէտները իրենք՝ թուրքերն են) եւ այժմ Գաթըրճեան կը պատգամէ աւելի իրականանալի եւ հարիւր տոկոս մե՛ր կամքէն կախեալ հետեւեալ բաղձանքը՝ «Խօսի՛նք հայերէն, երգենք ու պարենք հայերէն»։ Այս է նաեւ խորագիրը իր նորագոյն խտասալիկներէն մէկուն, որուն մասին կ՛ուզեմ խօսիլ։ Ազատագրուած հայրենիքը ի՛նչ օգուտ, եթէ հոն հայ կեանք պիտի չկարենանք կերտել՝ հայերէն խօսելով, երգելով, մտածելով, մշակելով։ Գաթըրճեանի իղձն է որ հայ նոր սերունդը իր հոգիին մէջ ստեղծէ նախ եւ առաջ ազատագրուած հայ աշխարհ մը, գիտակցուած հայեցի տարածք մը, ուր օտար լեզուն, որքա՛ն ալ գործնական կամ անմիջական՝ չծածկէ հայու ինքնութիւնը, հայու կենսական հպարտութիւնը, ինքնավստահութիւնն ու քաջութիւնը։ Ահա տեսիլք մը, որ միայն զէնքով կամ յորդորներով չիրականանար, այլ նաեւ՝ լուռ, ինքնագիտակից, յարատեւ պայքարով եւ այդ պայքարին հաւատքովը. «Թէ մենք մեր լեզուն պահելն իմանանք, Մենք մեր հողերուն միշտ տէր կը մնանք»:
Ի հարկէ Գաթըրճեան ըսել կ՛ուզէ՝ նա՛խ մեր հայ ինքնութիւնը կերտենք, նախ մեր անհատական, ներքին, անտեսանելի, բայց միշտ մեր հետ շնչող, մեր մարմինը եղող, ամէնօրեայ հայ «հողը» (ենթահողը) մշակենք. միայն այն ատեն կրնանք շարունակել հաւատալ պայծառ գալիքին։ Ուղիղ Մայիս 28ի պատգամը՝ երգով եւ երգելով։ Գաթըրճեան չէ մերժած դպրոցներու մէջ իր այս պատգամը երգել՝ պանծացնելով մատղաշ հայորդիներու առջեւ մեր Մայրենին, դարեր կտրած, ինչ ինչ գլուխգործոցներ արտադրած, աշխարհի վրայ իր բացարձակ ազնուականութեամբ եւ ճոխութեամբ ինքզինք պարտադրած, օտար հայագէտներուն անխառն զմայլանքին արժանացած հայոց փառապանծ լեզուն, որ նաեւ մեր աննման երգերուն հիմն է եւ անոնց ստեղծման առաջին եւ հիմնական ներշնչարանը։
Այս իմաստով է ստեղծուած «Խօսինք հայերէն» խտասալիկը։ Ան կը պարունակէ 10 երգ, բոլորին ալ եղանակաւորումը աշուղ Գաթըրճեանի հեղինակութիւնն է, նաեւ 10 քերթուածներուն վեցը՝ Լեւոնի գրչին կը պատկանին՝ «Ժամն է արդէն միանալու», «Խօսինք հայերէն, կարդանք հայերէն», «Տարեդարձդ շնորհաւոր, հայի բալա», «Մշոյ Նուշիկ», «Գովք Շուշիի» եւ «Սէրը տարիք չի ճանաչի»։ Ինչպէս կարելի է կռահել, այս 10 երգերուն ընդհանուր նկարագիրը յանձնառութիւնն է։ Մեր աշուղը պահ մը կը մոռնայ իր սիրային կամ սիրահարի զեղումները (միայն մէկ հատ սիրային երգ կայ այս սալիկին վրայ), եւ իր հայեացքը կ՛ուղղէ դէպի նոր սերունդը, ամերիկածին հայ պատանին՝ անոր դրդել ջանալով, որպէսզի սթափի, չտարտղնուի առօրեայի մէջ, չմոռնայ ե՛ւ իր ցեղային ուժը, ե՛ւ արեան կանչը, ե՛ւ իր մշակոյթի իմացական հսկայ եւ փառաւոր անցեալը՝ պայքարը գիտակցաբար կեդրոնացնելով տէր կանգնելու նա՛խ իր ինքնութեան ձգողութեան կեդրոնը հանդիսացող հայերէն լեզուին վրայ։ Այս նպատակին հասնելու համար, աշուղ Գաթըրճեան ընտրած է նոր սերունդին դիւրամատչելի, խանդավառ, հայատրոփ, ժողովրդականի ոճով մեղեդի եւ կշռոյթ. մարտաշունչ են, կամովին, ոչ միայն կշռոյթն ու խօսքերը, այլ Լեւոնին հզօր շեշտերը եւ, ի մասնաւորի, աննահանջ, հրաշալի իր առոգանութիւնը։ Ամէն մէկ երգաբառը Լեւոնը կը քանդակէ ունկնդիրին լսողութեան մէջ. հոն ոչինչ կայ ծեքծեքուն կամ կիսալուսաւոր, մեղկ կամ անրջային։ Նպատակը հեշտամոլութիւնը կամ թմբիրը կանխել եւ ջլատել է. երգային բառ-կշռոյթ-մեղեդի եռամիասնութեամբ ստեղծուած է հոգեբանական եւ հոգեկան մտրակում, ձայնային հայկական դրասանգ մը, որուն հովանիին ներքեւ պատանի հայորդին կանչուած է, ըսենք, վերահայանալու, յարատեւօրէն վերահայանալու։
Գաթըրճեան մտերմիկ շրջանակի մէջ մեզի երգած է անգերազանցելի «Տըլէ եաման» մը, որ անձնական համադրում մըն է Կոմիտասեան դասականութեան եւ հարազատ աշուղական ոճի։ Բեմին վրայ ան մաքուր նուիրումի նմոյշ է. բեմատեսարանութիւն չի խաղար, ուզէ՛ ալ չի կրնար, այնքան որ անկեղծ են իր հայու հոգին, այդ հոգիէն դուրս ժայթկող պատգամը. աչք շլացնելով կամ ուշադրութիւնը յափշտակելով ան ներուժ եւ ժամանակ չի վատներ, այլ կ՛ըլլայ այն ինչ որ է իր խորքին մէջ, անշպար եւ անպաճոյճ։ Զուսպ եւ խպնիլ գիտցող, Լեւոնը չի խոտորիր կապիկային ձեւամոլութիւններու ունայնամտութեան գիրկը. ինք ուրիշ մոլորակէ կը յորդի. իր տեսիլքը իր անձը չէ՛, այլ՝ վեհ, սրբազան առաքելութիւն մը իր անձէն վեր. եւ, գիտէ՞ք ինչ, կարծես գոց աչքերով աւելի խոր կ՛ըմբռնես Գաթըրճեանի պայծառ ներկայութիւնը, այնքան որ ջինջ ձայնը եւ երգային դրուածքը, հայերէն խօսքերու անարատ արտաբերումը ամբողջականօրէն կը դրսեւորեն եւ կը դրոշմեն իր համոզումները։ Լեւոնը մարմնաւորած է հայոց լեռներու ոգին։ Անոր մարտաշունչ երգերը զինուորական կամ սկաուտական քայլերգներ չեն, այլ ուծացումի եւ անտարբերութեան քմծիծաղին դէմ ցցուած բռունցք։
Գաթըրճեան սիրած է Աւիկ Տէկիրմէնճեանի կարգ մը քերթուածները՝ «Հայի բողոքը» եւ «Հրանդ Տինքի յիշատակին»ը, զորս եղանակաւորած է եւ ներառած այս սալիկին վրայ։ Խօսքը ուղղելով նահատակ Հայորդիին՝ հեղինակ Տէկիրմէնճեան կը յորդորէ չհաւատալ կեղծաւոր թուրքին, որ ուխտած է լռիկ-մնջիկ, հաւատարիմ մնալով իր թրքութեան, շարունակել մեզ օրօրել օրը նոր դիւանագիտական սադրանքներով.
«Ոչինչ չի փոխուել քո երկրում, բնա՛ւ,
Նոյն դահիճներն են, բիրտ ու անիրաւ,
Ոխը իրենց մէջ անվերջ բորբոքում,
Սադրանքներով են մեզ ահաբեկում»։
Կամ՝
«Չեմ ուզում լսել կեղծաւորներին
Անարդար դարի օրէնքներն այս սին,
Չեմ ուզում տեսնել ինչպէ՛ս են պղծում
Անօրէն զաւթած հողերը մեր հին»։
Նոյն շունչն ունի նաեւ Նահապետ Մելքոնեանի «Արցախցի ենք մենք» քերթուածը։
Մարտահայրենասիրական այս թունդ երգերուն մեղեդիները չէին կրնար հէքեաթային կամ երազաբոյր ըլլալ. երգիչին հայրենասիրութիւնը այնքան անմիջական եւ հարազատ է, որ զայն արտայայտող երգն ալ նոյն չափով մարտաշունչ եւ պայթուցիկ պէտք է ըլլար։ Այսպէս, այս երգերուն մէջ գեղագիտական նրբութիւնները կամովին գրաւած են երկրորդական տեղ. բուն նպատակը քարոզչական է, աւելի՛ն, դաստիարակչական է՝ նորելուկ սերունդը ոգեւորող, թէ՛ բառերով, թէ՛ եղանակով։ Ն. Մելքոնեանի տողերը կը հրաւիրեն հայ երիտասարդը արշաւելու դէպի Շահումեան, կամ Կարս-Արտահան, Նախիջեւան, սակայն իրական եւ իրապաշտ կեցուածքը կը կայանայ նախ հայ լեզուին տէր կանգնելուն մէջ, եւ այդ՝ հայ երգին ու պարին հետ մտերմօրէն շաղուելով։
Նոյնիսկ «Հայի բալա»ին ուղղուած տողերուն մէջ (խօսք՝ Լ. Գաթըրճեանի) երգն ու խօսքը քնաբեր կամ մանկամերձ ոչինչ ունին. հոն կը հնչեն մանուկը հայ կերտելու խօսքեր. հայկեան, նայիրեան, մեսրոպեան լեզուով տարեդարձ տօնելու յորդորներ են անոնք. «Թող ոտքերդ ուժեղանան/Պարովդ հայոց սարերը թնդան»։ Հոս չի սպրդիր վրիժառական ցասումներ՝ («Դէ՛, մեծացիր, շուտ պոյ քաշիր, բալա ջան/Վատի արիւն խմել սորվիր…»ի նման), ինչպէս 20րդ դարու սկիզբի հայրենասիրական օրօրոցայինները կը պարունակէին։ Լեւոն Գաթըրճեան նոր օրերու æիւանի՞ն է արդեօք, որուն մահուան 100ամեակը կը տօնենք այս օրերուն։ æիւանիի նման, Լեւոնին համար նախ հայ անհատն է կենսականը։ Զինուորագրեալ մեր երգիչը սակայն աշուղ ըլլալէ չի դադրիր. ոտքի եւ զէնքի երգը չէ իրը, այլ գրաճանաչ հայ մարդու երգը, որով երգիչը իր հոգին եւ տեսիլքը մեր արեան մէջ կը ներարկէ։ Անոր զէնքը հաստատակամութիւնն է, մտաւոր հայրենասիրութիւնը, զինուած գիր ու երգով։ Ազնիւ ու վեհ պայքարի մկրտութիւն մըն է այս, նուէր հայ պատանիին։ Հոն չկան մելամաղձոտ տողեր, ոչ լաց, ոչ ողբ. երբեմն որոշ բառերու ձայնաւորներ կ՛ենթակուին շեշտադրումի իւրայատուկ ընդգծումի, երբ երգէն անդին, հարկ է խորհրդածել տալ ըսուած խօսքին մասին, զոր օրինակ՝ «Թշնամին… մեր հողե՜րն է երազում»։
Ի՞նչպէս կ՛երգէ Գաթըրճեանը։ Անոր տողերը խիստ կարճ են, երգընթացը՝ վանկային։ Իւրաքանչիւր քառատող կը կրկնուի երկու անգամ։ Երկու երգի մէջ (թիւ 6 եւ 10) քերթուածը կը զգենու. կէսէն անդին, տարբեր եղանակաւորում, որ ոչ միայն առաջքը կ՛առնէ որեւէ միօրինակութեան, այլ երգը կը զետեղէ աւանդական ենթահողի գիրկը։ Այսպէս, նազանքով եւ աշուղական հրայրքով լեցուն «Մշոյ աղջիկ սիրուն նուշիկ»ը կատարելապէս հայկական երգատարածք կ՛ունենայ իր Քոջարիի հրաւէրով՝ չորրորդ երգատունէն սկսեալ։ Վերջապէս այս 10 երգերուն վերջինը միակ սիրային երգն է այս խտասալիկին՝ «Սէրը տարիք չի ճանաչի». երկու իրերայաջորդ եղանակներ կը գրկեն այս սիրոյ նուիրուած հոյակապ երգը.
«Սէրը նուրբ է, զգոյշ սիրի / Սէրը սուրբ է, չի նահանջի…
Սիրել կեանքում շատ լաւ բան է / Բայց սիրուիլն աւելի լաւն է»:
Այս մէկ երգով Քաթըրճեան կրնայ համարուիլ նոր օրերու վաւերական սիրոյ երգիչ, անշպար, անսայթաք, առանց կարիքը զգալու ցրուումի, կամ բեմա-աղմկարարական թեթեւամտութիւններու գոյնզգոյն թակարդներու մէջ իյնալու։
Այժմ երկու խօսք՝ «Արցախին նուիրուած նոր երգեր» ալպոմին մասին, զոր Լեւոն լոյս ընծայած է Երեւան, տեղւոյն «Ռատիօ»ի նուագախումբին հետ. ղեկավարն է Մանուէլ Բեկլարեան։ Գաթըրճեանէն միայն մէկ քերթուած կայ հոն՝ «Մի մոռանայ քո ազգին», սակայն բոլոր երգերուն, թիւով 10, երաժշտութեան հեղինակն է ան։ Կան նոյն ջինջ հնչողութիւնը, նոյն մաքրամաքուր եւ անմրցելի, քանդակագործեալ առոգանութիւնը որոնցմով ան կը յաջողի խօսք եւ երաժշտութիւն ներարկել մեր էութեան մէջ։ Հոս ալ Լեւոն պատգամ ունեցող քերթող-երգողն է. հոս եւս Գաթըրճեան գեղագիտականին չի զիջիր իր տեսիլքը, եւ սակայն այդ «զոհաբեր» կեցուածքէն շահողը միայն վաւերականութիւնն է։ Հոս եւս՝ ոչ մէկ զիջում եւ տկարութիւն «մոտայիկութեան» ընծայած սին եւ այլազան շռայլանքներուն, ո՛չ աւելորդ թմբուկ մը, ո՛չ լալկան կիթառ մը։ Հոս աւելի եւս հայրենասիրական շունչն ու ոգին համարկուած են աշուղականին։ Օրինակ, նուագախումբին կողմէ առաջարկուած աշուղագուսանական նուագին ընկերակցութիւնը մասամբ մեղմած է խօսքերուն պոռթկումային խոյանքը։ Միւս կողմէ, մեր երգիչին «գլուխի ձայնը» լիաթոք ըլլալու չափ լեցուն է, հաստատուն եւ փայլուն, իսկ մեղմ կուրծքի ձայնը՝ նոյնքան թափանցիկ է ու զուլալ, որքան վերոնշեալ գլխու ձայնը։
Ընթացիկ աշուղական զգայնութեան եւ ժողովրդական ոճին կը համապատասխանէ «Ղարաբաղի ողբը» (թիւ 7)։ Բայց Գաթըրճեան ողբի երգիչ չէ, ողբ չերգեր, ողբ չի ներկայացներ, այլ ողբը ներքնապէս կ՛ապրի իր զուսպ, յուզումնասարսուռ շեշտերով ու ինքնամատոյց նուիրումով, այդ նուիրական պահուն, երբ ան բեմին վրայ է, ստեղծագործ արարումին ընթացքին, ներկայութեան այն ժողովուրդին, որ զինք կը ներշնչէ եւ որուն համար երգիչ Գաթըրճեան իր քաղաքացիի կոճկուած զգեստները կը հանէ եւ կը հագնի լեռնցիի եափունջին։ Հոս եւս, ձայնաւորի մը վրայ իր այնքա՜ն յատկանշական մէկ նոթայի անցողական բայց յամեցող երկարացումները նոյնքան կիզիչ են, տաղող, այրող, ներգործող…
Եւ յանկարծ… ակնթարթի մը համար Քաթըրճեան կը «կոմիտասանայ»։ Անակնկալը մեծ է, երբ ան կը սկսի երգել «Կոմիտասը աքսորի ճամբին» երգը (խօսք՝ Գէորգ Էմինի)։ Աշուղ Լեւոն, երգին սկիզբը կը կատարէ հորովելեան զգլխիչ կանչ մը, որ մեզ ուղիղ կը տանի հայրենի երբեմնի դաշտերը, վար ու ցանքի սրբազան պահուն, գոմէշներու տաք շունչին մէջ… Մեր բեմերուն վրայ երբեմն կը յայտնուին Ղարաբաղի կամ Մշոյ այսօրինակ հորովելներ երգողներ. անոնցմէ ոչ մէկուն կատարումը կը հասնի այս քանի մը վայրկեան տեւող գլուխգործոցի արարումին. այս նախերգանքային հորովելը բոլորովին կ՛անջատեմ երգին մնացեալ մասերէն։
Գաթըրճեան նոր եռանդով կը պատրաստուի Սեպտեմբերի վերջը, Երեւանի մէջ իր տալիք համերգին, որուն աւարտին ան պիտի ձեռնադրուի Աշուղ։ Այս երեւոյթ է՝ համազօր թագադրութեան։ Նոյն պատիւին պիտի արժանանայ Ներսիկ Իսբիրեանը։
Գաթըրճեան իր առաջին անհատական համերգը տուած է 1964ին, Պէյրութի մէջ։ Ան իր առաջին երգը գրած է 1967ին։ Եղած է առաջին հայ երգիչը, որ 1981ին լրիւ հայկական երգացանկով երգած է Փարիզի հռչակաւոր Օլիմպիային մէջ։ Համերգներ տուած է հո՛ն, ուր հայ կայ։ 1971ին առաջին անգամ ըլլալով կը հրաւիրուի Հայաստան, ուր Ֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ կու տայ համերգ մը. այդ ելոյթէն անմիջապէս ետք ան կը շրջի Հայաստանի ամբողջ տարածքը՝ տալով 14 համերգներ։ Լեւոն ութ անգամ իր խումբով գտնուած է Արժանթին։ Գրքոյկ մը կը լեցնեն իր այցելած երկիրներուն եւ տուած հարիւրաւոր համերգներուն պատմութիւնները:
Վստահ եմ ողբացեալ Անգինէն ալ դրուատալից տողեր պիտի նուիրէր մեր աշուղին՝ ի լուր այս խտասալիկներուն եւ անոր հայրենի թագադրութեան։
Բարի երթ, սիրելի՛ Լեւոն, դէպի հայրենիք, եւ լիակատար յաջողութիւն. վերադարձի՛ր մեզի իբրեւ թագաւոր աշուղ։