ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիա այցելող Իրաքի առաջին փոխնախագահ Թարիք Հաշիմի Ուրբաթ, Յունիս 12ին կոչ ըրաւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան, որ կա՛մ վար դնէ իր զէնքը, եւ կա՛մ հեռանայ Իրաքէն: Ան դրական համարեց Թուրքիա իր այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի հետ՝ քննելով Թուրքիոյ եւ Իրաքի ընդհանուր շահերուն եւ հետաքրքրութիւններուն առնչուող հարցեր: Հաշիմի աւելցուց, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան գործունէութիւնը զսպելու նպատակով, յատուկ զօրաբաժանումներ կը մարզուին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.