ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Երկուշաբթի, Յունիս 15ին հրամայեց հետաքննութիւն կատարել նախագահական ընտրութեան արդիւնքին շուրջ, ինչ որ անակնկալ շրջադարձ մըն էր ընտրութիւնը «աստուածային գնահատական» մը նկատող իր նախկին կեցուածքէն: Ընդդիմադիր ուժերուն յոյս ներշնչող այս որոշումը տրուեցաւ, մինչ աւելի քան 100,000 ցուցարարներ կը բողոքէին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի յաղթական հռչակած կառավարութեան յայտարարութեան դէմ: Մինչ ոստիկանութիւնը չմիջամտեց ապօրինի այս հաւաքը կասեցնելու համար, լրագրող մը հաղորդեց, թէ անյայտ զինեալ մը կրակ բացած է ցուցարարներուն վրայ՝ սպաննելով անոնցմէ մէկը:
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած էին խռովութիւններ, որոնց ընթացքին ինքնաշարժներ հրկիզուեցան եւ խանութներու ցուցափեղկերը փշրուեցան Թեհրանի մէջ:
Ահմատինեժատի տասնեակ հազարաւոր համակիրներ եւս Թեհրանի մէջ նախագահին զօրակցութեան քայլարշաւ մը կազմակերպեցին։
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ Խամենէի Պահակներու խորհուրդին ցուցմունք տուած է չափաւորական թեկնածու Միր Հոսէյն Մուսաւիի ներկայացուցած ամբաստանութեանց շուրջ հետաքննութիւն կատարել։ Այս վերջինը յայտնած էր, որ ինքն է Ուրբաթ օրուան նախագահական ընտրութեան իսկական յաղթականը։
Միւս կողմէ, Մոսկուայի մօտ Իրանի դեսպանատունը հաղորդեց, որ Ահմատինեժատ առկախած է Ռուսիա իր այցելութիւնը, որ տեղի պիտի ունենար Երկուշաբթի օր:
Մուսաւի, որ իշխանութիւնները ընտրական զեղծարարութեան յանցանքով ամբաստանեց, իր համակիրներուն կոչ ուղղեց շարունակելու ընտրութեան արդիւնքին իրենց «քաղաքային եւ օրինական» ընդդիմութիւնը եւ ոստիկանութեան յորդորեց ցուցարարներուն դէմ ուժի չդիմել: