ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Վրաստանի քարիւղի փոխադրական ընկերութիւնը «Հայռուսկազարդի»ն պաշտօնապէս տեղեկացուցած է, որ Հայաստանին բնական քարիւղի մատակարարումը ժամանակաւորապէս պիտի դադրեցուի: Վրացական ընկերութիւնը Յունիս 16-21ին կը նախատեսէ իրականացնել Ղազախ-Սագուրամօ 1000մմ. տրամագիծով՝ 3.6քմ. երկարութեամբ նոր կառուցուած հատուածի միացման աշխատանքները:
Ըստ «Հայռուսկազարդ»ի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութեան, այս ընթացքին Հայաստանի քարիւղի մատակարարումը պիտի իրականացուի առանց սահմանափակումներու՝ Աբովեանի ստորգետնեայ քարիւղի պահեստի կայանէն: