ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Կրթութեան համակարգին մէջ իրականացուող փոփոխութիւններուն բարեյաջող ընթացքին համար, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի կարծիքով, շատ կարեւոր է, որ համակարգին մէջ բարեփոխումներ իրականացնող մարդիկ ըլլան նոր չափանիշներու եւ նոր որակական խնդիրներու համապատասխանող։
Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ տեղի ունեցող աւագ դպրոցի ուսուցիչներու որակաւորման բարձրացման դասընթացքներուն նուիրուած համաժողովին ընթացքին նախարարը յայտնած է, որ թէ՛ մանկավարժներուն եւ թէ՛ տնօրէններուն վերապատրաստման ծրագիրը հանրակրթական դպրոցներու կայացման հարցին մէջ կը դիտուի իբրեւ «անկիւնաքարային կարեւորութեան միջոցառում»։
«Մեր վաստակաշատ մանկավարժների առջեւ նոր որակի, նոր ծրագրային մօտեցումներ, նոր մեթոդաբանութիւն է դրուելու։ Բայց սա այն ամէնն է, որը թոյլ է տալիս մեզ յուսալ, որ աւագ դպրոցների համակարգը կայանալու է», ըսած է Ա. Աշոտեանը։
Ըստ նախարարին, աւագ դպրոցներու ցանկին մէջ ընգրկուած 36 դպրոցները քայլ մը առաջ կ՛անցնին՝ հանրակրթութեան որակը բարձրացնելու համար, իսկ մանկավարժները՝ «Ամենամեծ եւ ամենաթանկ մարդկային գործօնն են, որոնց վերապատրաստման համար գումարներ են ծախսւում»։
Յաջորդ տարիներուն համար, նախարարին կարծիքով, պէտք է մտածել նոր միջոցներով վերապատրաստման որակի վերահսկողութեան մասին, քանի որ անոնք հնարաւորութիւն պիտի տան կատարուած աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը գնահատելու: