ԱՐՑԱԽ, «Փանորամա».-«Հայաստան» հիմնադրամի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, ԼՂՀ կառավարութեան եւ «Վարդանեանների ընտանիք»ի հիմնադրամի հովանաւորութեամբ, «Հայաստան» հիմնադրամը ԼՂՀ Մարտունի շրջանի Գիշի գիւղին մէջ սկսած է նոր դպրոցի կառուցման աշխատանքներուն:
Նոր դպրոցը նախագծուած է 300 աշակերտի համար. հոն, բացի դասասենեակներէն, պիտի գործեն նաեւ սենեակներ յատուկ առարկաներու համար։ Դպրոցը պիտի ունենայ նաեւ փակ մարզասրահ, գրադարան, բուժկէտ, հանդիսութիւններու սրահ եւ ճաշարան։
«Հիմնադրամի իրականացրած բազմատեսակ ծրագրերի շարքում դժուարանում եմ առանձնացնել ամենակարեւորները, սակայն ուզում եմ նշել, որ դպրոցաշինական ծրագրերին վերաբերւում ենք առանձնակի պատասխանատուութեամբ», ըսած է «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը։
Գործող դպրոցի մասնաշէնքերը, որոնք կառուցուած են 1930 եւ 1968 թուականներուն, կը գտնուին ոչ լաւ վիճակի մէջ։ Համայնքի ղեկավար Գէորգ Բալայեան համոզուած է, որ գիւղին մէջ, նոր եւ ժամանակակից դպրոցը պիտի խթանէ ուսման եւ դասաւանդման գործընթացը։