ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան Յունիս 15ին ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:
Ըստ ՀՀ Ազգային ժողովի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուած տեղեկութեան, Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ողջունելով իր արցախցի գործընկերը՝ Յ. Աբրահամեան նշած է, թէ վերջին շրջանին, Հայաստանի եւ Արցախի օրէնսդիրներուն միջեւ աշխուժացած է շփումը, որ թոյլ կու տայ դիրքորոշումներու փոխադարձ յստակեցման՝ յանուն միասնական ազգային նպատակներու: Նոյն ծիրէն ներս, ան յատկապէս կարեւոր համարած է մասնագիտական յանձնաժողովներուն միջեւ անմիջական կապերու զարգացումը: Ան շեշտած է, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը, խորհրդարանը եւ ամբողջ ժողովուրդը կանգնած են Արցախի կողքին՝ յանուն հայ ժողովուրդի ինքնորոշման ու վերամիաւորման արդար դատին:
Համագործակցութեան համար իր գոհունակութիւնը յայտնած է Արցախի օրէնսդիր մարմինի ղեկավարը, որ եւ մատնանշած է Միջխորհրդարանական յանձնաժողովի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ երկու խորհրդարաններու մասնագիտական յանձնաժողովներուն միջեւ տեղի ունեցող ուղղակի քննարկումները, որոնց ընթացքին անոնք կ՛անդրադառնան ազգաբնակչութիւնը անհանգստացնող հարցերուն:
Այնուհետեւ զրուցակիցները ունեցած են առանձնազրոյց, որուն ընթացքին քննարկած են արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր: